Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անհրաժեշտ Է Հասարակութեան Մէջ Կիներուն Դերակատարութիւնը Աշխուժացնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

February 24, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առցանց խօսքով մը բացումը կատարեց Կիներու արաբական կազմակերպութեան Ը. խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի մէջ եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին արաբ կիներու դերակատարութիւնը, անոնց դիմագրաւած մշակութային մարտահրաւէրներն ու զանոնք գործակցութեան ու յաջողութեան առիթներու վերածելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ բոլոր քաղաքակրթութիւնները մշակոյթներէ կը ծնին` աւելցնելով, որ մշակոյթը երեք տրամաչափութեամբ աշխատանքի ռազմավարութիւն է, որ հիմնուած է մտաւոր, գիտական եւ արուեստի աւանդին մասին գիտակցութիւն տարածելու վրայ, ինչպէս նաեւ զայն բարգաւաճեցնելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ պէտք է գործէ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ կիներու եւ տղամարդոց միջեւ հաւասարութիւն ստեղծել եւ այդ տարազին մէջ բնաւ չթերանալ:

Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Կիներու արաբական կազմակերպութեան Ը. խորհրդաժողովի աշխատանքներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք նորարար մշակոյթի մը նոր հիմերը կը ստեղծեն` իրականացնելու համար երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց հասարակութեան մէջ կիներու դերակատարութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ կիներուն ընդմէջէն պէտք է ստեղծել կրթական նոր եւ ազդեցիկ ծրագիր մը, որ 21-րդ դարուն համապատասխանէ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները` ապահովական կառոյցներուն տրամադրած տեղեկագիրներուն լոյսին տակ:

Քննարկուեցաւ նաեւ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հարցը` խորհրդարանին մէջ թափուր մնացած 10 երեսփոխանական աթոռներուն նոր ներկայացուցիչներ ընտրելու նպատակով:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ՄԱԿ-ին պատկանող գաղթականներու հարցերու միջազգային կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի տնօրէն Ֆաուզի Զայյուտի, որ իր առաքելութիւնը աւարտած է եւ պիտի ուղղուի Սէուտական Արաբիա, եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ իր պաշտօնը ստանձնող նոր տնօրէնին` Մեթիու Լուսիանոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ կազմակերպութեան ու լիբանանեան պետութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Զայյուտ դրուատեց լիբանանեան պետական վարչութիւններուն գործակցութիւնը` կազմակերպութեան գրասենեակի 2006-ին Լիբանանի մէջ հիմնադրուելէն ի վեր:

Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Զայյուտին` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու է կազմակերպութեան հետ իր գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, Առաջին տիկին Նատիա Աուն եւ անոնց հետ անմիջական շփումի մէջ եղող անձնակազմի 10 անդամներ ստացած են «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը` լիբանանեան պետութեան ե-հարթակին վրայ իրենց անունները կանոնաւոր կերպով արձանագրելէ ետք:

 

 

 

Նախորդը

«Ֆրանչիսկոս Պապի Լիբանան Այցելութիւնը Հաւանական Է» Շեշտեց Կարտինալ Սանտրի

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Անկանոն Հոլովոյթը Վերածուեցաւ Գայթակղութեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.