Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆահմի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի 17 փետրուար 2021-ին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ եթէ մինչեւ ապրիլ կառավարութիւն չկազմուի, ապա ո՛չ երկիր պիտի մնայ եւ ո՛չ ալ ելեկտրականութիւն:



