Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Պէտք Է Գիտակցին, Որ Երկխօսութեան Համար Անհրաժեշտ Է Վստահութեան Մթնոլորտ»

February 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման եւ անոր ապօրինի իւրացման նոր թափ առած քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ լիարժէքօրէն կատարելու միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը նշէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` լրատուամիջոցներուն կողմէ անոր ուղղուած հարցումին ի պատասխան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վաճառքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան, ուր անդրադառնալով Հայաստանին «խորհուրդ»  տուած է «դասեր քաղել», Աննա Նաղդալեան ըսաւ. «Ծանօթ ենք Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վաճառքի մասին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան: Յատկապէս, Պուրսա քաղաքի Սեպթաշը թաղամասին մէջ գտնուող հայկական կաթողիկէ եկեղեցին հանուած է վաճառքի 6 միլիոն թրքական լիրայով, իսկ Պուրսայի միւս հայկական եկեղեցիին համար սահմանուած է 6 միլիոն 300.000 թրքական լիրա: Ատկէ բացի, Թուրքիոյ արեւմտեան Քիւթահիա նահանգին մէջ աւերուած է Ս. Թորոս հայկական եկեղեցին:

Խստօրէն կը դատապարտենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ  հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման եւ անոր ապօրինի իւրացման նոր թափ առած քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ լիարժէքօրէն կատարելու միջազգային պայմանագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները:

Պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ նման վերաբերմունք ցուցաբերող պետութեան շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան համագործակցութեան ուղղուած կոչերը առնուազն չեն կրնար վստահելի ըլլալ:

Ինչ կը վերաբերի «պատմութենէն դասեր քաղելու խորհուրդներուն», ապա ոեւէ մէկուն իրաւունք չէ վերապահուած սպառնալիքներու լեզուով անյարգալից խօսիլ եւ պատմութեան դասեր տալ ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդին:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է յստակօրէն գիտակցին, որ երկխօսութեան համար անհրաժեշտ է համապատասխան վստահութեան մթնոլորտ, իսկ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը միանշանակօրէն չի նպաստեր այդ մթնոլորտի ձեւաւորման»:

 

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը Եւ Դատապարտած Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արտահերթ Ընտրութիւնները Պէտք Չէ Ըլլան Նիկոլ Փաշինեանի Վարչապետութեամբ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.