Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին. Արսէն Համբարձումեան. «Եթէ Արամը Կրցաւ` Այսօր Եւս Կարելի Է Հաւատալ Մեր Ժողովուրդի Արարող Ուժին»

January 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրը, դաշնակցական եւ պետական մեծ գործիչի արձանին մօտ երէկ` ուրբաթ, 29 յունուարին յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ խոնարհած են ՀՅԴ անդամները:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ հաւաքուած են իրենց խոնարհումը բերելու նորագոյն ժամանակաշրջանի հայոց պատմութեան ամէնէն կարկառուն, ամէնէն երեւելի, միաժամանակ նաեւ տակաւին քիչ գնահատուած մեծագոյն հայու` Արամ Մանուկեանի  յիշատակին:

«20-րդ դարու սկիզբը, երբ կը թուէր, թէ հայութիւնը ուժեղ հարուած ստացած է եւ վերականգնելու որեւէ առիթ եւ կարելիութիւն չկայ իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ, Արամն էր եւ Արամի նման մտածող գործիչներն էին, որ անձեւ քաոսէն կերտեցին պետականութիւն, վերականգնեցին հաւատքը, յոյսը եւ կրցան իրենց օրինակով, անձնուէր աշխատանքով ապացուցել, որ կարելի է կերտել պետականութիւն, այս շրջանին մէջ կրկին վեր յառնել: Այն աւանդը, որ ունեցած է Արամ Մանուկեանը մեր պետականութեան մէջ, դեռ խորապէս արժեւորուած չէ», ըսաւ Արսէն Համբարձումեան:

Արսէն Համբարձումեան աւելցուց. «20-րդ դարու սկիզբը, երբ հայութիւնը ցեղասպանուած էր եւ մենք ամէն ինչ կորսնցնելու վտանգի առջեւ կանգնած էինք, եթէ կրցանք մեր մէջ ուժ գտնել, հաւատալ մեր սեփական ուժերուն, այսօր աւելի կարելի է մէկ կողմ ձգել այս հիասթափութիւնները, անկումային տրամադրութիւնները եւ հաւատալ մեր ուժերուն, հաւատալ մեր ժողովուրդի արարող ուժին, մեր պետականութեան եւ կերտել այնպիսի հայրենիք, որուն համար հպարտ պիտի ըլլանք բոլորս»:

Նախորդը

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Խումբ Մը Քաղաքագէտներու Եւ Փորձագէտներու Հետ

Յաջորդը

«Պիտի Գայ Պահը Վերականգնելու Արցախի Իրաւունքներն Ու Ամբողջական Սահմանները».

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.