Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մի՛շտ Արամի Ճամբով

January 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Բծաւոր տիֆով վարակուած` ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ աչքերը յաւիտենապէս փակեց Երեւանի մէջ, 102 տարի առաջ 29 յունուար  1919-ին:

Քանի, քանի՜ ճակատներու վրայ ան պարտութեան մատնեց թուրքը` Վանէն մինչեւ Երեւան: Սարդարապատեան ճակատամարտերով ան կերտեց մեր անկախութիւնը, հիմնեց մեր պետութիւնը, կայունացուց մեր երկիրը:

Մեր դիցաբանութեան Վահագնը չէր, սակայն ան վճռեց մեր արդի պատմութեան ճակատագիրը: Յարդգողի ճանապարհը գծող աստուածը չէր, սակայն գծեց մեր ժողովուրդի անկախութեան ճանապարհը: Մեր հին աստուածներու պանթէոնին չէր պատկաներ, սակայն ան գլխադիր քուրմը եղաւ մեր ազատագրական պայքարի բագինին:

Արամը անզուգական էր, նոյնիսկ անկրկնելի: Անոր ծնունդը երկունքն էր հայկական լեռնաշխարհին: Ան ծնաւ մեր լեռնաշխարհի սրտէն` Արցախի մէջ: Ան կրեց մեր լեռներու ոգին ու կամքը: Ան շալկեց մեր բազմաչարչար ժողովուրդի ազատատենչութեան կանչը:

Ան իջաւ մեր լեռներէն` բոցավառելու հայկական յեղափոխութեան մեծ խարոյկը: Ան գործեց մեր ժողովուրդին մէջ, մեր ժողովուրդին հետ եւ մեր ժողովուրդին համար: Ան կռուեցաւ մեր հայրենի հողին վրայ` Հայաստանին հետ ու Հայաստանին համար:

Ան Վահագն աստուածը չէր, սակայն դարձաւ մեր անկախութիւնը նուաճողը եւ պետութեան հիմնադիրը: Իր շունչով, իր կամքով, իր ոգիով, իր վճռականութեամբ` Արամը դարձաւ մեր նոր Վահագնը…, եւ գծեց ի՛ր ճամբան, որ է՛ եւս մեր ճամբան:

Մի՛շտ Արամի ճամբով…

 

 

Նախորդը

Եղանակներէ Կազմուած Անուններ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Միացեալ Նահանգներու Ընթացաւարտ Նախագահին Թելադրանքները Նորընտիր Նախագահին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.