Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղանակներէ Կազմուած Անուններ

Յունուար 30, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հնդկաստանի հիւսիս արեւելքը գտնուող Քոնկթոնկ փոքրիկ գիւղին բոլոր բնակիչները ունին անուն մը… եւ երգ մը:

Քոնկթոնկի մէջ, Սոլիտարիթիին անունը միայն Սոլիտարիթի չէ: Այս հնդկական գիւղին միւս 700 բնակիչներուն նման, այս փոքրիկ աղջնակը ունի նաեւ գեղեցիկ եղանակ մը, որ զինք կը ներկայացնէ. քանի մը նոթեր, որոնք կ՛երգուին զինք կանչելու համար: Անոր բարեկամները, ընտանիքը, դրացիները, բոլորն ալ գիտեն այս կարճ կանչը, որ իրեն յատուկ է: Անոնք զայն կը գործածեն աղջնակին ըսելու, որ տուն վերադառնայ կամ ուշադրութիւն ընէ կամ նոյնիսկ կը գործածեն զայն խաղի հրաւիրելու համար: Անոր «իսկական» անունը` Սոլիտարիթի շատ քիչ կը գործածուի:

Քոնկթոնկի մեկուսացած բլուրներուն վրայ բնակող իւրաքանչիւր գիւղացի ունի իրեն յատուկ եղանակը, սակայն ոչ մէկ շփոթ կը ստեղծուի: Եթէ երկու անձեր նոյն անունը ունին, երկու անձեր բնաւ նոյն եղանակը չեն ունենար: Այս կարճ եղանակները կը յօրինուին մայրերուն կողմէ` իրենց նորածիններուն համար: Անոնք պէտք է ըլլան իւրայատուկ, տարբեր արդէն իսկ ուրիշներու համար յօրինուած եղանակներէն: Անոնք կ՛արտայայտեն յատուկ սէրը, զոր մայր մը ունի իր զաւակին հանդէպ:

Այս աւանդութիւնը կոչուած է «Ճինկրուայ լաուպէյ» (ցեղախումբին առաջին կնոջ երգը): Անոր ծագումը անծանօթ է: Ըստ Քոնթոնկի բնակիչներուն, այս աւանդութիւնը գիւղին մէջ յայտնուած է աւելի քան 400 տարիներ առաջ: Գիւղը, որ կը գտնուի Պանկլատէշի սահմանին մօտ, սակայն հնդկական մեծ քաղաքներէն շատ հեռու, երկար ժամանակ աշխարհէն կտրուած մնացած է: Հոն ապրող անձերը իրենց ժամանակը կ՛անցընէին անտառին մէջ աշխատելով: Թռչուններուն նման անոնք կանչը գործածած են բնութեան հետ հաղորդակցելու համար:

Այժմ Քոնկթոնկի բնակիչները իրենց տրամադրութեան տակ ունին արհեստագիտութիւնը (թեքնոլոճի): Հետեւաբար, իրենց ընկերներուն եղանակով մը կանչելու փոխարէն, պզտիկները կը նախընտրեն երբեմն գործածել իրենց հեռաձայնները, նոր եղանակներն ալ կրած են փոքրիկ փոփոխութիւններ: Կարգ մը եղանակներ ներշնչուած են պատկերասփւռէն ցուցադրուած հնդկական ֆիլմերու եղանակներէն: Սակայն կանչերը չեն անհետացած, կարելի է տակաւին զանոնք լսել  գիւղէն անցնելու ընթացքին…

Գունաւոր Եւ Ստեղծագործական
Հնդկական Աւանդութիւն Մը` Ռանկոլին

Ռանկոլին տունին մուտքին գետինն զարդարելու աւանդական սովորութիւն է: Մարդիկ կը հաւատան, թէ ան տան եւ ընտանիքին կը բերէ բախտ եւ բարգաւաճութիւն, նաեւ գեղեցիկ միջոց մըն է հիւրերը ընդունելու:

Հնդկաստանի մէջ ընդհանրապէս մայրերը այս զարդարանքները կը պատրաստեն ամէն առտու, կամ յատուկ տօներու ընթացքին, ինչպէս` Տիուալիի տօնը:

Այս աւանդական սովորութիւնը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, եւ մայրերը զայն կը սորվեցնեն իրենց դուստրերուն:

Հնդկական իւրաքանչիւր նահանգ ունի իրեն յատուկ Ռանկոլի գծելու ձեւը եւ անունը: Օրինակի համար Հարաւային Հնդկաստանի մէջ Ռանկոլին ճանչցուած է քոլամ անունով: Ռաժասդանի մէջ, մանտանաները կը գծուին պատերուն վրայ: Քոլքադայի մէջ, Ալփանաները կը գծուին բակին մէջ…

Ռանկոլիի գծագրութիւնները կրնան ունենալ պարզ երկրաչափական ձեւեր, ծաղիկի ձեւեր, կամ աւելի խրթին ձեւաւորումներ: Ռանկոլիի զարդարանքներուն մէջ կը հանդիպինք սիրամարգերու, լոթուս ծաղիկներու, ձուկերու պատկերներու: Սակայն ռանկոլիի ամէնէն կարեւոր յատկութիւնը գոյնզգոյն ըլլալն է: Այս զարդարանքներուն համար կը գործածուի բնական ներկով խառնուած ալիւր կամ բրինձի փոշի:

Դուն ալ կրնաս զբաղիլ քեզի յատուկ ռանկոլի պատրաստելով: Նկատի ունենալով, որ այս օրերուն դժուար է դուրս ելլել եւ գնումներ կատարել, կրնաս գործածել տունը, քու տրամադրութեանդ տակ գտնուող առարկաները: Օրինակի համար կրնաս գործածել պնակ մը, որուն մէջ կրնաս ընել ռանկոլին` գործածելով հացահատիկներ, բրինձ, ոսպի տեսակներ, ցորեն, սիսեռ, չոր բակլայ… Մի՛ մոռնար ձեռքերդ լուալու աշխատանքէն առաջ. ռանկոլին վերջացնելէ ետք զայն նկարէ, անոր հետքը պահելու համար, եւ ապա հացահատիկները դարձեալ իրենց տուփերուն կամ տոպրակներուն մէջ դիր:

Ո՞վ Հնարած Է Ճատրակը

64 քառակուսիներ, 6 տարբեր քարեր, որոնք կրնան շրջիլ խաղի տախտակին վրայ: Իր այս երկու բաժիններով, ճատրակի խաղ մը մեզի կը ներկայացնէ բամաթիւ հնարքներ: Խաղցողը պէտք է ունենայ

կեդրոնացում, յիշողութիւն եւ կանխատեսում: Իսկ ճատրակի մեծ վարպետ մը դառնալու համար հարկ է օրական 4-5 ժամ մարզուիլ: Ներկայիս ճատրակը ընդունուած է իբրեւ մարզաձեւ:

 

 

Սակայն ո՞վ յղացած է այս անհաւատալի ռազմագիտական խաղը: Անոր ծագումը տեղի ունեցած է մօտաւորապէս 600 թուականի շուրջ, եւ ան հաւանաբար յայտնուած է Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ, ուր կը խաղցուէր «չաթուրանկա» կամ «չաթրանք» խաղը: Այս խաղի տարբերակները պատերազմի խաղեր են, ուր քարերը կը ներկայացնեն բանակին անդամները: Հետագային, արաբական նուաճումներու շրջանին, այս խաղերը կը տարածուին նաեւ Եւրոպայի մէջ: Հոն է, որ կը յայտնուի թագուհին, եւ տախտակը երկու գոյներով կ՛օժտուի:

Միջին դարերուն վերջաւորութեան կը ճշդուին արդի ճատրակի խաղին օրէնքները:

Ներկայիս, ճատրակի նշանաւոր խաղցողներ իրարու դէմ կը խաղան  միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին, կը կազմակերպուին նաեւ կարգ մը խաղեր համակարգիչներու դէմ, ինչպէս` նշանաւոր մենամարտերը Կարի Քասփարովի եւ Տիփ Պլու համակարգիչին միջեւ: Հակառակ անոր որ ճատրակ խաղացողներուն մեծամասնութիւնը արական սեռի ներկայացուցիչ է, կան նաեւ մեծ ձիրքերու տէր չին խաղցողներ, ինչպէս` Ճուտիթ Փոլկար, որ մեծ վարպետի դիրքի արժանացաւ 15 տարեկանին, արձանագրելով միջազգային մրցանիշ մը, իր ծագումէն դարեր ետք այս խաղը տակաւին կը շարունակէ հետաքրքրութիւն ստեղծել:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել շունիկին կապը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ի՞նչ շարքով պէտք է վերցնել հովանոցները, որպէսզի անոնք չիյնան:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Յունուար 2021)

Յաջորդը

Մի՛շտ Արամի Ճամբով

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?