Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը «Դրական Զարգացումներու» Ոյսին Տակ Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

January 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին որոշած է «դրական զարգացումներու» պատճառով յետաձգել Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

«Մենք այսօր որոշած ենք պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ կը տեսնենք, որ կան դրական փոփոխութիւններ: Այլեւս թրքական նաւեր չկան Արեւելեան Միջերկրականի վիճայարոյց տարածքներուն մէջ. Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ նախնական բանակցութիւնները այս գիշեր սկսած են Պոլսոյ մէջ: Ասոնք բոլորը դրական ազդակներ են, որոնց մենք երկար սպասած ենք, եւ որոնք այժմ պէտք չէ ստուերուին պատժամիջոցներով», հանդիպումէն ետք ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, որ անցեալ շաբաթ այցելած էր Թուրքիա:

Բայց եւ այնպէս, Եւրոպական Միութիւնը կը պնդէ, որ Անգարան պէտք է կատարէ իր դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները, իսկ դաշինքի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ըսած է, որ պատժամիջոցներու շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի:

«Քայլերու ցուցակը պատրաստ չէ: Սակայն հարցը տակաւին փակուած չէ», ըսած է ան:

Կը նշուի, որ 10 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները կազմած են պատժամիջոցներու ենթակայ թուրք պաշտօնատարներու ցուցակ: Մինչ Ֆրանսան, Յունաստանը եւ Կիպրոսը կը փորձեն կարծր դիրքորոշում ցուցաբերել Թուրքիոյ նկատմամբ, Եւրոպական Միութեան միւս երկիրները` տնտեսապէս հզօր Գերմանիոյ գլխաւորութեամբ, մինչեւ հիմա աւելի մեղմ մօտեցում ցուցաբերած են:

Թուրքիան վերջերս հաստատեց, որ ինք դաշինքին մէկ մասն է եւ իր ապագան կը տեսնէ Եւրոպական Միութեան մէջ` խոստանալով շարունակել ջանքերը` լիարժէք անդամակցութեան պայմաններ ապահովելու համար: Թուրք պաշտօնատարները նաեւ նշած են, որ անհամբերութեամբ կը սպասեն յառաջընթացի 2021 թուականին եւ կ՛ակնկալեն, որ դաշինքը վճռական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ:

Նախորդը

Խմբագրական. Ազգ – Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Մտադիր Է Վերատեսութեան Ենթարկել Աֆղանիստանի Եւ Իրաքի Մէջ Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կրճատելու Թրամփի Որոշումը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.