Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

January 21, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 20 յունուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները` Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին:

Հանդիպումի օրակարգին վրայ էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ յետպատերազմական իրադրութեան, շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան առնչուող հարցեր: Ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Այվազեան ընդգծեց լուծման հիմնարար սկզբունքներու ամբողջական իրականացման անհրաժեշտութիւնը` այս պարունակին մէջ շեշտելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան իրաւունքը:

Ներկայացնելով հրադադարի հաստատման եւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման վերաբերեալ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան կեանքի կոչման ընթացքը` արտաքին գործոց նախարարը առանձնայատուկ կերպով ընդգծեց մարդասիրական հարցերու լիարժէք եւ անխափան հասցէագրման առաջնահերթութիւնը, մասնաւորապէս` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու վերադարձի մասով:

Նախարարն ու դեսպանները միտքեր փոխանակեցին Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրադրութեան եւ արցախահայութեան կարիքներու հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն շուրջ: Այս առնչութեամբ կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային կառոյցներու, յատկապէս ՄԱԿ-ի եւ անոր մասնագիտացած գործակալութիւններուն տեղւոյն վրայ անխափան ներգրաւուածութիւնը:

Նախարար Այվազեան զրուցակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Արցախի` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման հրատապութեան վրայ` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման կամ ինքնութեան խեղաթիւրման ուղղութեամբ առնչուած քայլերը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը. Կը Նախատեսուի Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգել

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.