Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան. Երկրի Պատասխանատուներու Գործունէութեան Առանցքը Կազմեցին Ապրուստի Եւ Կենցաղային Նոյնքան Հրատապ Հարցեր

December 29, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին թէ արտաքին պատճառներով կառավարութեան կազմութեան առկախումը այնքան ալ հեզասահ չընկալուեցաւ քաղաքական թէ պաշտօնական առնչակից կարգ մը մարմիններու թէ անձնաւորութիւններու կողմէ: Արդարեւ, տօնական արձակուրդի թէ զիջումներու բացակայութեան կամ արտաքին ազդեցութիւններու պատճառներով առկախուած կառավարութեան կազմութեան հարցը շարունակեց իր վրայ կեդրոնացնել «երկրին ապագայով մտահոգ կողմերու» ուշադրութիւնը: Այս իմաստով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կառավարութեան կազմութեան ձգձգման պատասխանատու նկատեց նախագահ Միշել Աունը, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Հըզպալլան: Իր գլխաւորած նշեալ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Անպա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Ժոմպլաթ քաղաքագէտ թէ մասնագէտ նախարարներու նշանակման գծով յայտնեց, թէ մասնագիտութեան կողքին, թեկնածուն պէտք է կարենայ իր կարծիքը պարտադրել  իր ստանձնած նախարարութեան մէջ: «Տակաւին կը գտնուինք անել հորիզոններու ճամբուն վրայ», ընդգծեց Ժոմպլաթ` անհրաժեշտ նկատելով, որ պատկան կողմերու գործունէութեան թիրախը կեդրոնանայ երկրի բարեկարգութեան եւ ապրուստի հարցերուն վրայ:

Ապրուստի Եւ Կենցաղային Հարցերը`
Աշխատանքային Թիրախ

Այսուհանդերձ, ապրուստի եւ կենցաղային հրատապ հարցերը երէկ շարունակեցին առանցքը կազմել երկրի պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար տոքթ. Համատ Հասանը լիազօրեց բանակցելու համավարակի յաղթահարման պատուաստի ձեռքբերման պայմանագիրին շուրջ եւ ստորագրելու զայն: Ըստ Պաապտայի նախագահական պալատի մէկ հաղորդագրութեան, նախագահ Աուն առաջին պատուաստ ստացողը պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ:

Նախագահ  Աուն նախապէս ընդունած էր զբօսաշրջութեան մարզի պատկան պատասխանատուները եւ անոնց հետ քննած այս մարզի վերաշխուժացման կարելի միջոցառումները:

Նոյն ծիրին մէջ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի եւ քաթարցի պատասխանատուներու հետ այցելեց Քարանթինայի շրջանի պետական հիւանդանոցը: Անոնք մօտէն հետեւեցան այս հիւանդանոցին կրած վնասներուն: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ հիւանդանոցը ամբողջութեամբ պիտի քանդուի եւ բոլորովին նոր ոճով հիմնովին պիտի նորոգուի Քաթարի տրամադրած «բաց պիւտճէով»:

Նախորդը

Փարիզի Իսի Լէ Մուլինոյի Քաղաքապետութեան Աջակցութեամբ` ՀՄԸՄ 7,5 Թոն Սննդեղէն, Հագուստներ Եւ Դեղորայք Կը Բաժնէ Լիբանանահայ Ընկերային Առումով Կարիքաւոր Պարագաներու

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Նախատեսէ Զինեալ Ահաբեկիչներ Տեղափոխել Իրաք

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.