Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեանի Սիւնիք Այցելութիւնը Կասեցուեցաւ` Բնակիչներու Բողոքին Պատճառով

December 22, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին  Հայաստանի ներքաղաքական լարուած մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ օրը սկսաւ Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանի ձերբակալութեամբ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Գորիս այցելութեան նախօրեակին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ ինքնաշարժներու շարասիւնը պիտի մեկնի Սիւնիքի դարպասներ` արգիլելու հայոց հողը օտարող, Սիւնիքի երբեմնի անառիկութիւնը խաթարող վարչապետին մուտքը Սիւնիքի մարզ` կոչ ուղղելով բոլորին միանալու այս շարժումին:

Գորիսի քաղաքապետի ձերբակալման դէմ բողոքեցին քաղաքացիները եւ ճամբաներ փակեցին` պահանջելով քաղաքապետին ազատ արձակումը:

Այս մթնոլորտին մէջ նախատեսուած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը Սիսիան, Գորիս, Կապան, Քաջարան եւ Մեղրի, ուր պիտի զրուցէր սիւնեցիներուն հետ եւ լսէր անոնց մտահոգութիւնները: Սիսիանէն ետք Փաշինեան չկրցաւ շարունակել իր ուղին, որովհետեւ քաղաքացիները` ի նշան բողոքի, փակեցին դէպի Սիւնիք տանող ճամբան, Գորիս-Տաթեւ մայրուղին:

Այս կացութեան լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջով յայտարարեց, որ պիտի ընդհատէ ուղեւորութիւնը, որովհետեւ «չի փափաքիր, որ բախումներ հրահրուին ճամբաները փակած քաղաքացիներուն հետ» եւ` «սուգի օրով ուժային գործողութիւններու չդիմելու համար»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Սիսիանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի այցելութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Պարգեւ քհնյ. Զէյնալեան մերժեց սեղմել վարչապետին ձեռքը եւ ձեռքի շարժումով զայն դուրս հրաւիրեց եկեղեցիէն:  Աւելի ուշ տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ Փաշինեանի կողմնակիցները սպառնացած են քահանայ հօր եւ խուզարկած անոր տունը:

Այս դէպքին անդրադարձաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ բացարձակապէս անթոյլատրելի են խումբ մը անձերու կոչերն ու տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Սիսիանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցու քահանային նկատմամբ սպառնալիքներուն ու բռնութեան:

Սիսիանի քաղաքային պանթէոնէն դուրս գալէ ետք եւս, երբ Փաշինեան կը փորձէր խօսիլ սիւնեցիներուն հետ` ըսելով, որ ինք եկած է նայելու սիւնեցիներուն աչքերուն մէջ, ներկաներէն մէկը պոռաց` «հերիք չի՞ խաբես», ինչ որ իրարանցում յառաջացուց ներկաներուն մէջ:

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Յայտարարութիւնը. «Սիւնեցիներն Իրենց Պատուարժան Կեցուածքով Կանխեցին Դաւաճանի Հերթական Սադրանքը»

Յաջորդը

Նիկոլի Հետ Մեր Պետութիւնը Դատապարտուած Է Կործանման

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.