Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայէն Նշմարուող Սկզբնական Դրական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Սպասողական Վիճակ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

December 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ` չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին ներկայացուց 18 նախարարութիւններէ բաղկացած կառավարութեան կազմի մը անուանացանկը` նախարարներու թեկնածուներուն կենսագրականներով: Փոխադարձաբար, նախագահ Աուն խոստացաւ «սերտել» ստացած ցանկը եւ իր կարգին նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան իր ամբողջական պատկերացումը` յստակ սկզբունքներու վրայ հիմնուած նախարարական դասաւորումով: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Հարիրի իրեն վերապահած է արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու ինքնութեան ճշդումը, իսկ նախագահ Աունի վերապահուած է ճշդել չորս նախարարներու ինքնութիւնը, ներառեալ պաշտպանութեան նախարարինը:

Պաապտայի պալատէն մեկնումի պահուն լրագրողներու` «սպիտակ ծուխի ճակատագիրին» մասին հարցումներուն պատասխանելով Հարիրի յայտնեց, թէ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցած է կառավարութեան կազմութեան շուրջ եւ «մթնոլորտը դրական է»:

Կառավարութեան կազմութեան գծով իշխանութեան երկու պետերուն միջեւ դրական` հասարակաց ու տարակարծիք կէտերու լոյսին տակ հաւանական կը նկատուի, որ ցանկը հիմնովին վերատեսութեան ենթարկուի` քանակային եւ որակային իմաստով: Քայլ մը, որ կրնայ յաւելեալ ժամանակ խլել եւ առաւել եւս ընդվզեցնել առանց այդ ալ իրենց օրապահիկով մտահոգ լիբանանցիներու կարեւոր մէկ խաւը: Աւելի՛ն, ներկայացուած «սեւագիրը» արդէն իսկ դժգոհութիւններու դուռ բացած է կարգ մը ղեկավարներու մօտ: Օրինակ` Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան տիւրզիներուն նկատմամբ «անիրաւութիւն» որակեց 18 նախարարներէ բաղկացած Հարիրիի ներկայացուցած ցանկը: Ան կոչ ուղղեց տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատասխանատուներուն` մերժելու նշեալ ցանկը:  Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սպասելով սպիտակ ծուխին…» գրառումը արձանագրեց ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ:

Արտաքին շրջանակներ եւս անհամբեր են Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան այս «թնճուկին» մօտալուտ լուծման գծով: Այս իմաստով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ երէկ անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը: «Արժանապատուութիւն» հոսանքի ղեկավար Ֆայսալ Քարամէի տուած իր այցելութեան ընթացքին Քիւպիչ նաեւ «աւետեց», որ մօտերս միլիոնաւոր տոլարներու նպաստ պիտի տրամադրուի Լիբանանին: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Ֆրանսական ճիգերը` նախքան տարեվերջ, եթէ ոչ նոյնինքն նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի 21 դեկտեմբերին Լիբանան այցելութեան օրերուն:

Սպասելով նախագահ Աունի «պատասխանին»` լիբանանցիք դարձեալ սպասողական վիճակի մէջ, Ուալիտ Ժոմպլաթի նման կը սպասեն «սպիտակ ծուխին»: Այլապէս ժողովրդային համատարած ընդվզումի ահազանգը հնչած է արդէն, որուն առաջին ազդանշանը տուաւ երէկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը` կոչ ուղղելով ընդհանուր ցոյցի չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին:

Նախորդը

Պետական Աջակցութեան Վերացման Նախաքայլերուն Գծով Անդրադարձները Դրսեւորուեցան Տեսական Ու Գործնական Կեցուածքներով

Յաջորդը

Նետերլանտներու Խորհրդարանը Արցախի Կարգավիճակի Որոշման Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւ Որդեգրած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.