Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւասութիւնները Շրջանցել»

December 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ կը տեսնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին մէջ:

Համախմբումը մտավախութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արտաքին ազդակներու կապելու առումով` աւելցնելով, որ կարելի չէ նման պատճառաբանութիւններ յառաջ նետել` երկիրը անդամալուծելու նպատակով:

Համախմբումին հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ համախմբումը տակաւին կը սպասէ իմանալու այն հիմքերը, որոնց վրայ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պիտի համաձայնին` կազմելու համար կառավարութիւնը, որպէսզի ըստ այնմ իր կեցուածքը արտայայտէ` կառավարութեան զօրակցելու կամ չզօրակցելու:

«Կը մերժենք հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները շրջանցել: Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան կազմութեան իրաւասութիւններ ունի, եւ զայն պարզապէս խորհրդակցութեան դերակատարութեան մէջ սահմանափակելու որեւէ փորձ գործնապէս կը վնասէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութեան իմաստով խորհրդարանին հրապարակած որոշումէն եւ հանրապետութեան նախագահին տուած ցուցմունքներէն ետք, կառավարութիւնը պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին դիմէ «Ալվարել էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան` իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարելու համար:

«Կառավարութիւնը պէտք է նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէէն պահանջէ, որ ան «Ալվարել էնտ Մարսըլ» ընկերութեան ներկայացնէ պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը: Այս բոլորէն բացի, պետական հաստատութիւնները, խորհուրդներն ու ֆոնտերը պէտք է պատրաստուին իրաւական հաշուեքննութեան», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

Անդրադառնալով լիբանանցիներուն տրուած օժանդակութեան` համախմբումը հաստատեց, որ ինք կողմնակից է անհատներու կամ ընտանիքներու օժանդակութեան եւ ոչ թէ ապրանքատեսակի, այլ խօսքով` օժանդակութիւնը հասցէագրուած պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ ընդհանուրին ուղղուած, նկատել տալով, որ կարիք չունեցողներուն վառելանիւթի, դեղորայքի, ցորենի եւ սննդեղէնի համար օժանդակութիւն տրամադրելը ինքնին մսխում է:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Արտաքին Իրադարձութիւնները Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Յոյսեր Չեն Ներշնչեր»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Տերոշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.