Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Յայտարարութիւնը. Արդարութիւն` Արցախի Համար

November 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մէջ տեղի ունեցած վեցշաբաթեայ արիւնարբու պատերազմը դադրեցաւ զինադուլով մը, ինչպէս նաեւ` համաձայնութեամբ մը, որ տարածաշրջանը կը դնէ անորոշ, անկայուն եւ կարճաժամկէտ խաղաղութեան մը մէջ: Համաձայնութիւնը այնքան թոյլ է, որ լարուած վիճակ մը կը ստեղծէ` առանց կայուն խաղաղութեան յստակ հիմքի:

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ-ը), ըլլալով կրօնական կազմակերպութիւն մը` մղուած հաշտեցման առաքելութեամբ, որ կը հետապնդէ երկխօսութեան ճամբով խաղաղ գոյակցութեան տանիլ հակամարտութեան մէջ գտնուող ժողովուրդները կամ խումբերը, կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն եւ միջազգային մարմիններուն, որ ապահովեն զինադադարին յարգումը: Այս կերպով կ՛ապահովուի տարածաշրջանէն ներս իրավիճակ մը` յօգուտ տագնապին բոլոր կողմերուն, կը յստակացնէ Արցախին կարգավիճակը եւ կը կանխարգիլէ հազարաւոր մարդոց սպառնացող վտանգը:

Մենք, որպէս ՄԱԵԽ, Հայ եկեղեցին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը) ունենալով անոր հիմնադիր անդամ, խորապէս մտահոգ ենք կրօնի ազատութեան, հաւատքի ազատ արտայայտման ու զանազան վրէժխնդրութիւններու ենթակայ ըլլալու հաւանականութեան տակ գտնուող հայ ժողովուրդին ճակատագիրով: Մենք մտահոգ ենք նաեւ քրիստոնէական ժառանգութեան ճակատագիրով` եկեղեցիներուն, վանքերուն, կրօնական կոթողներուն եւ թանգարաններուն, որոնք ներկայիս ենթարկուած են ու նաեւ ապագային կրնան ենթարկուիլ աւերման եւ ամբողջական բնաջնջումի:

Արդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ աւելի աչալուրջ ըլլան` պահպանելու Արցախին հոգին եւ քարը: Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք, այնպէս` ինչպէս որեւէ ժողովուրդ: Աւելի՛ն. մենք կը շեշտենք բոլոր ենթակայ կողմերուն միջեւ անկեղծ երկխօսութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը: Նման քայլ մը կրնայ հարթել ճամբան տարածաշրջանէն ներս ստեղծելու նոր իրավիճակ, որ կրնայ նպաստել հակամարտութեան մէջ առնչուած բոլոր կողմերուն:

Պէյրութ, 19 նոյեմբեր 2020

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թագաւորը Մերկ Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.