Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. «Թրքական Ապրանքները Շոգիացած Են…»

October 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը վայրկեան առաջ տիկինս շուկայէն վերադարձաւ լայն ժպիտով մը եւ`

– Քեզի լաւ լուր մը ունիմ,- նետեց, կարծես թէ թեթեւնալով:

Արցախէն ու Հայաստանէն հասնող լուրերը աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր, բոլորիդ պէս, իմ ալ մտահոգութիւններս շերտ-շերտ լեռնացուցած են` նեղցնելով տեղը այլ մտահոգութիւններու: Ուրեմն կրնաք երեւակայել, թէ աչքերս եւ ականջներս ինչպիսի՜ լայնքով ընկերացուցի «խէ՞յր է» հարցումիս:

– Հայկական գերնպարատուն մը գացեր էի: Գիտե՞ս` ինչ տեսայ: Դարակներուն վրայէն թրքական արտադրութիւնները շոգիացեր են: Նկատեցի, որ անոնց տեղը բռնած են Հայաստանի եւ արաբական կարգ մը երկիրներու արտադրութիւնները,- բացատրեց աչքալուսանքի շեշտով մը:

Ուրախութիւնս փորձեց հաւասարիլ իր գոհունակութեան: «Ուշ լինի, նուշ լինի», անցաւ միտքէս: Կասկած չունիմ, որ նոյնը կը պատահի նաեւ այլ երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ:

Յետոյ մտածեցի. արդեօք չե՞նք կրնար նա՛եւ ոչ հայկական գերվաճառատուներէն ու տարածուն շուկաներէ՛ն ալ վանել տալ թրքական արտադրութիւնները` սննդանիւթ, հագուստեղէն եւ այլ: Ահա դաշտ մը, որ գործի կը հրաւիրէ հաւասարապէս տարեցն ու երիտասարդը, այրն ու կինը, միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, բոլո՛րը, բոլո՛րը: Կայ հնարքներու անծայրածիր հորիզոն, իսկ հայուն հնարամտութիւնը ընդհանրապէս աւելի՛ լաւ կը բանի նեղ օրերուն…

Ոճրագործ Թուրքիան պէտք է զգայ հայուն հասցնելիք տնտեսակա՛ն ցաւն ալ, իսկ զայն աւելի՛ եւս խորացնելու համար անհրաժեշտ է այս արշաւին միացնել ամերիկացին ու եւրոպացին, արաբն ու ասիա-ափրիկեան ժողովուրդները, հասնիլ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք:

… Եւրոպան արդէն սկսած է մորթին վրայ զգալ թրքական ներշնչումով ոճրային ահաբեկչութեան ցաւերը: Պէտք է բոլորը մղել խօսքէն գործի անցնելու: Եւ` կրնա՛նք յաղթել:

Լոս Անճելըս, 29 հոկտեմբեր 2020

Նախորդը

Ռասինկ Ակումբի Ընտրութիւններ. Փաուլա Ֆարաոն Ռըզք Ընտրուեցաւ Նախագահ

Յաջորդը

Ծննդեան 161-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Հիմնադիր Երրորդութենէն` Քրիստափոր Միքայէլեանի Կեանքն Ու Կենսագրական Գիծերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.