Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայերու Խաղաղ Ցոյցի Ընթացքին Թուրքերը Մուրճերով Եւ Դանակներով Յարձակած Են Ցուցարարներուն Վրայ

October 29, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ֆրանսահայերը երկկողմանի փակած են դէպի Վալանս քաղաք տանող A7 մայրուղին: Այդ ընթացքին թուրքեր յայտնուած են այդ տարածքին, եւ մուրճերով ու դանակներով յարձակած են հայերուն վրայ:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ֆրանսահայերը այդպիսով կ՛ուզեն Ֆրանսայի ուշադրութիւնը գրաւել եւ կը պահանջեն համարժէք արձագանգել Արցախի մէջ թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական յարձակումին:

Ֆրանսահայերը նաեւ կը պահանջեն տեղւոյն պատկերասփիւռի կայաններով ուղիղ եթեր ապահովել, որպէսզի այդ տարբերակով իրենց բողոքը արտայայտեն:

Մասնակիցներէն մէկը նշեց, որ իրենց ուժերուն ներածին չափով պատրաստ են ամէն ինչ ընել, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը ոտքի կանգնի:

«Սահմանին մենք կը կորսնցնենք մեր 18-20 տարեկան երեխաները, այդ պատճառով մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի մեր ձայնը լսելի դառնայ: Եթէ պէտք ըլլայ` օդակայաններ կը փակենք, մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք Ֆրանսային», ըսած է մասնակիցներէն մէկը:

Ցուցարարները կը վանկարկէին «Արցախը մե՛րն է», «Պիտի յաղթենք», «Ալիեւը բռնապետ է», «էրտողանը եւ Ալիեւը ահաբեկիչներ են», «Ճանաչում», «Հայ զինուո՛ր, մենք քեզի հետ ենք», «Փա՛ռք հայոց բանակին»  եւ այլն:

Ցոյցի ժամանակ, երբ հայ ցուցարարները Ֆրանսայէն եւ ամբողջ Եւրոպայէն կը պահանջէին կանգնեցնել պատերազմը, հայերուն մօտեցան թուրքեր եւ մուրճերով սկսան հարուածել հայ ցուցարարները: Լեւոն անունով տղայ մը կորսնցուցած էր գիտակցութիւնը:

«Մենք խաղաղ ցոյց կ՛ընէինք, եկան մուրճերով ու դանակներով յարձակեցան մեր վրայ», ըսած է հայ ցուցարարներէն մէկը:

Ըստ այլ մասնակիցի մը, խցանումի մէջ երեք թուրքեր եղած են, անոնք մուրճերով եւ դանակներով յարձակած են իրենց վրայ:

Դէպքի վայր ժամանած է շտապօգնութեան մեքենան, առաջին բուժօգնութիւն ցոյց տուած տուժածներուն, ապա հիւանդանոց տեղափոխուած հայ վիրաւորը:

Դէպքի վայր հասած են ոստիկանական ուժեր:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 466.200.000 Լիբ. Ոսկիով Կը Մասնակցի Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Վնասներու Դարմանումի Աշխատանքին

Յաջորդը

Ընդունելով Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը` «Արցախի Հարցին Մնայուն Լուծման Միակ Միջոցը Միջազգային Ճանաչումն Է» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.