Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

October 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր ՀՅԴ Բիւրոն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Այսօր, ժամը 12:00-էն սկսեալ, ուժի մէջ մտած է մարդասիրական նպատակներով հրադադարը, Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի երկայնքին: Հրադադարի վարչակարգի յարաչափերը (parameters) դեռ պիտի ճշդուին:

Ռազմաճակատի երկայնքով այս արդէն խախտուող հրադադարը չի վերաբերիր, չի կրնար վերաբերիլ արտաքին ճակատի վրայ, միջազգային հանրութեան մօտ մեր աշխատանքներուն, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ռազմական գործողութիւններն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, Թուրքիան կը շարունակէ անվերապահ աջակցութիւն յայտնել Ազրպէյճանին` նաեւ ռազմաճակատին վրայ:

Աշխարհով մէկ պէտք է շարունակենք մեր բողոքի գործողութիւններն ու քաղաքական-յարաբերական աշխատանքները, շեշտելով`

– Արցախի հարցի կարգաւորման ամէնէն ճիշդ, ամէնէն արդար եւ ամէնէն ազդու միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է.

– Ազրպէյճան պէտք է իր կողմէ վերահսկուող տարածքներէն հեռացնէ միջազգային ահաբեկչութեան վարձկանները, որոնք այնտեղ հասած են Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ ու կարգադրութեամբ.

– Թուրքիան իբրեւ հակամարտութեան կողմ հանդէս գալու իր բոլոր ջանքերուն պատճառով պէտք է հեռացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն.  Թուրքիոյ նկատմամբ պէտք է պատժամիջոցներ սահմանուին` ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան հարուածող իր ոտնձգութիւններուն պատճառով:

Այս հրադադարը դեռ չի նշանակեր, որ Ազրպէյճան-Թուրքիա դաշինքին կողմէ սանձազերծուած պատերազմը աւարտած է. պատերազմը կը շարունակուի, եթէ նոյնիսկ համեմատաբար մեղմացած են կրակոցները, ռմբակոծումներն ու հրետանակոծումները:

Քաղաքական-քարոզչական աշխատանքներուն զուգահեռ, ամբողջ հայութիւնը պէտք է շարունակէ նոյն թափով մասնակցիլ պատերազմի հետեւանքները դիմակայելու համար` համահայկական եւ Հայաստան-Արցախի համար անհրաժեշտ մարդասիրական օժանդակութեան առաքումներուն, որոնք կը համադրուին պետական համապատասխան կառոյցներուն հետ:

Այս պայքարը իր յաղթական աւարտին հասցնելու եւ յաղթանակը ամրագրելու պահը հիմա է: Բոլորս` ի զէն, իւրաքանչիւրս` իր հնարաւորութիւններուն առաւելագոյնը տալով:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

10 հոկտեմբեր 2020

 

Նախորդը

Ցաւակցական

Յաջորդը

Յարութիւնեան. «Եթէ Չզգանք Ազրպէյճանի Պատրաստակամութիւնը Խաղաղ Ճամբով Հարցի Լուծման, Պիտի Դիմենք Հայաստանին` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.