Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Զօրակցելու Եւ Նշելու Համար Հայութեան Յաղթանակը

October 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութիւնը  համաժողովրդային հաւաքով կ՛արտայայտէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, պաշտպանութեան բանակին, մեր երկրորդ հանրապետութեան:  Մինչ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը նոյն նպատակով կը կազմակերպէ ինքնաշարժի զանգուածային երթ:

Լիբանանի ներկայ իրավիճակը` անհեռանկար, անորոշ, տնտեսապէս փլուզուած եւ տակաւին համավարակի զարգացման նոր միտումներով  յատկանշուող, անուղղակիօրէն կը խանգարէ ցուցական, քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքներ այս առումով լիարժէք ծաւալելու առաջադրանքի իրականացումը:

Այս բոլորով հանդերձ յատկապէս  Հայ դատի եւ ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակներուն կողմէ տեղեկատուական առումով կը շարունակէ իրականացուիլ բազմաբնոյթ ծաւալուն աշխատանք: Լիբանանեան մամլոյ որոշ ներկայացուցիչներու օգտագործած սխալ եզրաբանութեան սրբագրութենէն մինչեւ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններու կողմէ կազմակերպուած քննարկումներու մասնակցութիւն, արցախեան հակամարտութեան էութիւնը բացատրող հաղորդագրութենէն մինչեւ Ազրպէյճանի յարձակողականութիւնը, Թուրքիոյ աննախադէպ ներգրաւուածութիւնը եւ ահաբեկչական գործօնի ներառումը այս պատերազմին շեշտող յայտարարութիւններու հրապարակում: Տակաւին, Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւնները լոյսին բերող քաղաքական յայտարարութիւններ, հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութեան վտանգի առկայութեան եւ թուրանական քաղաքականութեան շարունակութիւնը հիմնաւորող  պարզաբանումներ, հիմնաւորումներ` մաս կազմեցին Դաշնակցութեան քարոզչամեքենային որդեգրած օրակարգերուն: Թէ՛ համաարաբական եւ թէ՛ լիբանանեան լրատուամիջոցները հեղեղուեցան այս բոլոր լրատուութիւններով, մեկնաբանութիւններով, վերլուծական գրութիւններով:

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն լիբանանեան արբանեակային հեռարձակում ունեցող կայաններու լրագրողներու Արցախ գործուղումը, դարձեալ ՀՅԴ համապատասխան գրասենեակներու  նախաձեռնութեամբ եւ մղումով, հսկայական արդիւնքի յանգեցաւ քարոզչական-տեղեկատուական առումով: Հսկայական թիւեր հաշուող լսարաններուն անոնք ներկայացուցին Ազրպէյճանը իբրեւ արուեստական պետութիւն եւ երկիր, որ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան սպառնալիք է:

Հիմա եւս անոնք Արցախ են լուսաբանելու համար պատերազմի ծալքերը` թուրքեւազրպէյճանական դաշինքով եւ ահաբեկիչներով համալրուած զօրքերու դէմ հայկական զինեալ ուժերու դիմակայումն ու հայրենի հողի պաշտպանութիւնը:

Այսօր լիբանանահայութեան համախումբ ներկայութիւնը պիտի վերահաստատէ Արցախի բոլոր գոյակռիւներուն իր բազմաբնոյթ մասնակցութիւնը հերթական անգամ բերելու պատրաստակամութիւնը: Համոզելու համար բոլորը, որ Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմը ամբողջ հայութեան դէմ է, եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին է ամբողջ  հայութիւնը:

Յաջորդ հանրահաւաքը պիտի ըլլայ տօնելու համար հայութեան յաղթանակը:

Նախորդը

Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին

Յաջորդը

Քոնկրեսական Փալոն Ամերիկեան Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանին Օգնութեան Տրամադրումը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.