Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկուկէս Ամսուան Նոր Ժամկէտ Ճշդելով՝ Նախագահ Մաքրոն. «Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Չէ Դադրած Եւ Պիտի Շարունակուի»

September 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆրանսական նախաձեռնութիւնը չէ դադրած, եւ պիտի շարունակոուի անոր ճամբու քարտէսը», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ՝ կիրակի երեկոյեան, մամլոյ ասուլիս մը տալով: Յատուկ Լիբանանի կացութեան անդրադարձող իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահը վեց շաբթուան նոր ժամկէտ ճշդեց լիբանանեան պատկան կողմերուն՝ կազմելու համար նոր կառավարութիւնը, «այլապէս՝ տարբեր որոշումներ պիտի տրուին» դիտել տուաւ Մաքրոն:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ նախագահ Մաքրոն քննադատեց լիբանանեան քաղաքական ընտրանին, որ «հրաժարեցաւ իր յանձնառութենէն եւ երկիրը պատանդ պահեց ի սպաս իր շահերուն»:

Հարիրին սխալեցաւ համայնքային չափանիշ աւելցնելով նախարարական պաշտօններու դասաւորումին մէջ», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը: Ան քննադատեց նաեւ Հըզպալլայի կեցուածքը, որ չի կրնար միաժամանակ ըլլալ միլիս՝ Սուրիոյ կողքին, Իսրայէլի դէմ պատերազմող բանակ եւ Լիբանանի մէջ յարգուած կուսակցութիւն, անհրաժեշտ է, որ Հըզպալլա պատմական քայլի դիմէ: «Ոչ ոք կը վստահի Լիբանանի ելեւմտական այժմու վարչակարգին, եւ Լիբանան երբեք փայլուն ոսկի շրջան չէ ապրած ելեւմտական այս վարչակարգի վարքագիծին հետեւելով», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը: Ան անհաւանական նկատեց Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի վտանգը: Արտաքին կողմերու մասին հարցումի մը անդրադառնալով՝ նախագահ Մաքրոն յայտնեց, որ ոչ մէկ փաստ կայ Իրանի կողմէ բանեցուած ճնշումի կամ դերակատարութեան՝ կառավարութեան կազմութեան ձախողութեան գծով: «Իսկ ամերիկեան պատժամիջոցներու սպառնալիքը որոշ չափով գրգռեց լիբանանեան մթնոլորտը» ընդգծեց Մաքրոն:

 

Նախորդը

Հակառակ Կողմերու Խոստացած Համագործակցութեան Պատրաստակամութեան. Մուսթաֆա Ատիպ Հրաժարեցաւ Կառավարութիւնը Կազմելու Պարտականութենէն

Յաջորդը

«Լա-Լիկա». Ռէալ Մատրիտի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.