Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան. «Կը Շարունակենք Անմիջական Դրացնութեամբ Առերեսուիլ Ատելութեան Խօսքի Դրսեւորումներուն Հետ»

September 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովը նախագահող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 8 սեպտեմբերին մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` «ՄԱԿ-ի եւ տարածաշրջանային եւ ենթատարածաշրջանային կազմակերպութիւններ. Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան դերը» խորագիրով բաց քննարկումին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

«Արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատեց ՄԱԿ-ի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան շուրջ քննարկման նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարի Ափրիկէի հարցերով  օգնականին եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին` իրենց շատ կարեւոր ելոյթներուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց նաեւ քննարկումը նախաձեռնած Նիկերի դերը, որուն մայրաքաղաք Նիամէի մէջ 1970-ին ծնունդ առաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը` իբրեւ Մշակութային եւ արհեստագիտական համագործակցութեան գործակալութիւն` այնուհետեւ հիմք հանդիսանալով այս տարի իր 5-րդ տասնամեակը նշող Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ձեւաւորման համար. «Իր հիմնումէն 50 տարի ետք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը հանդէս կու գայ իբրեւ բազմակողմանի համագործակցութեան կարեւոր հարթակ, որ միաւորուած է ֆրանսերէն լեզուի եւ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների հանդէպ յարգանքի եւ կիներու ու տղամարդոց իրաւահաւասարութեան հիմնարար արժէքներու  շուրջ:

«Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են ընդհանուր արժէքներ կրող բազմաթիւ դերակատարներու վրայ, որոնց կը միաւորէ խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատելու ընդհանուր ցանկութիւնը, ահաբեկչութեան աղէտին դէմ պայքարի,  ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վճռականութիւնը», ընդգծեց Մնացականեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յատկապէս կարեւոր նկատեց նմանօրինակ քննարկումի մը կազմակերպումը արդի համաշխարհային առողջապահական, մարդասիրական եւ տնտեսական լուրջ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, որ կը սպառնայ հասարակութեան համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծելով միջազգային համագործակցութեան եւ արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը: Զոհրապ Մնացականեան ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան խորհուրդի շրջագիծին մէջ կազմակերպուող վերոնշեալ քննարկումը բնորոշեց իբրեւ գործելու իւրայատուկ կոչ, համընդհանուր տոկունութեան եւ հաւաքական կարողութիւններու փորձութիւն:

«Այս ժամանակահատուածին մէջ, երբ ճգնաժամի բացասական հետեւանքները աւելի ծանր են զարգացող երկիրներու եւ բնակչութեան աւելի խոցելի շերտերուն համար, ՄԱԿ-ը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը պէտք է վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը` խթանելու խաղաղութիւն ու համագործակցութիւն, համերաշխութիւն եւ միասին ապրելու արժէքները. ասիկա մարտահրաւէր է երկու կազմակերպութիւններուն   համար, եւ մենք պարտաւոր ենք գործելու աւելի արդիւնաւէտ համաշխարհային կառավարման ուղղութեամբ:

«Այս առնչութեամբ մենք վճռականօրէն սատարեցինք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` համաշխարհային զինադադարի վերաբերեալ կոչին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւը` վերահաստատելով, որ տագնապներու լուծման գործընթացին մէջ ուժը եւ ուժի սպառնալիքը տեղ չունին:

«Մենք նաեւ մտահոգ ենք ատելութեան խօսքի աճով, ինչ որ յատկապէս դրսեւորուեցաւ առողջապահական այս ճգնաժամի շրջանին: Այսօր, աւելի քան երբեք, կարեւոր է ընդգծել մեր յանձնառութիւնը հանդուրժողականութեան, մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի եւ մշակութային բազմազանութեան արժէքներուն: Հակառակ բազմակողմանի համակարգի հսկայական ջանքերուն` մենք կը շարունակենք առերեսուիլ զինուած բախումներու, ապակայունացնող ռազմական սրացումներու եւ քաղաքական բարձրագոյն մակարդակով ատելութեան խօսքի դրսեւորումներու, այդ կարգին` մեր անմիջական դրացնութեամբ», նշեց նախարար Մնացականեան:

Այդ առնչութեամբ նախարար Մնացականեան ընդգծեց Երեւանի վեհաժողովի խորհուրդին կարեւորութիւնը` նուիրուած «Միասին ապրելու» արժէքներու խթանման եւ Երեւանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կոչը` «Ապրիլ միասին»-ը, որ կ՛ամրագրէ  ֆրանսախօս տարածքին մէջ «միասին ապրելու» գաղափարախօսութիւնը սահմանող խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ ամբողջական մարդկային արժէքները կը հանդիսանան համընդհանուր բարիք, հարստութիւն, եւ անոնք ամէն գնով անհրաժեշտ է պահպանել: Նախարարը աւելցուց, որ «ասիկա ակնյայտօրէն Միացեալ ազգերու  կազմակերպութեան եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան կարեւոր հարթութիւն է, որուն շուրջ մեր տեսլականներն ու նպատակները կը միաձուլուին»:

Եզրափակելով խօսքը` նախարար Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան խթանման` համոզում յայտնելով, որ այսօրուան քննարկման, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի միացեալ ջանքերուն շնորհիւ այդ համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի` բանալով համագործակցութեան նոր խոստմնալից հեռանկարներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Գուրգէն Մարգարեանի Գործով ՄԻԵԴ-ի Վճիռը Բողոքարկուած Է Մեծ Պալատին

Յաջորդը

«Փենթակոն Հարստանալու Նպատակով Մշտապէս Պատերազմիլ Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.