Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գուրգէն Մարգարեանի Գործով ՄԻԵԴ-ի Վճիռը Բողոքարկուած Է Մեծ Պալատին

Սեպտեմբեր 9, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ քնացած ժամանակ կացինահարուած Հայաստանի զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Պալատի վճիռին մինչեւ օրինական ուժի մէջ մտնելը բողոքարկուած է Մեծ պալատին: «Արմէնփրես»-ին հաղորդումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ դիմումատուներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան:

Սահակեան յիշեցուցած է, որ 26 մայիս 2020-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Մակուչեանը եւ Մինասեանը ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ գործով կայացուց վճիռ` կապուած Ռամիլ Սաֆարովի` Հունգարիայէն Ազրպէյճան տեղափոխման իրաւաչափութեան, հետագայ ներման ու հերոսացման հետ:

«Եւրոպական դատարանը գտաւ, որ դաժան յանցագործին ներում շնորհելով Ազրպէյճան խախտած է Գուրգէն Մարգարեանի եւ Հայկ Մակուչեանի` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 2-րդ յօդուածով երաշխաւորուած կեանքի իրաւունքը եւ արձանագրեց հայերու հանդէպ ազգային խտրականութեան ազրպէյճանական պետութեան կողմէ ծրագրուած քաղաքականութիւնը:

Այդուհանդերձ, Եւրոպական դատարանը ինքնին Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը եւ Հայկ Մակուչեանի նկատմամբ մահափորձը չվերագրեց Ազրպէյճանին` յենելով հունգարական դատավճիռի այն հետեւութեան վրայ, որ այդ արարքները կատարելու ընթացքին Սաֆարովը գործած է յատուկ կարգավիճակով: Եւրոպական դատարանը նաեւ պատասխանատուութենէ ազատեց Հունգարիան:

Նկատի ունենալով այս գործի իրաւական կարեւորութիւնը եւ անոր նկատմամբ հանրային մեծ հետաքրքրութիւնը` կը տեղեկացնենք, որ մինչեւ վճիռին օրինական ուժի մէջ մտնելը Եւրոպական դատարանի Պալատի վճիռը բողոքարկուած է Մեծ պալատին», գրած է Սահակեան:

 

 

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Յաջորդը

Մնացականեան. «Կը Շարունակենք Անմիջական Դրացնութեամբ Առերեսուիլ Ատելութեան Խօսքի Դրսեւորումներուն Հետ»

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?