Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առցանց Ուսուցումին Տնտեսական Անտեսուած Երեսը

August 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պսակաժահրի համավարակին պատճառով, Լիբանանի մէջ արտակարգ դրութեան հաստատումը, առաջին հերթին պարտաւորեց փակ պահել դպրոցները: Դպրոցներուն պատասխանատուները ուսումնական տարեշրջանը շարունակելու համար, դիմեցին առցանց ուսուցումի՝ օգտագործելով զանազան բջիջային հեռաձայնի եւ համակարգչային յայտագիրներ-միջոցներ:

Կրթական նախարարութիւնը 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը, առայժմ սեպտեմբերի-հոկտեմբեր միջեւ յայտարարեց: Համավարակի ներկայ կացութեան պատճառով, դժուար թէ կարելի պիտի ըլլայ դպրոցները բանալ բնականոն կերպով: Ուրեմն կրկին պիտի դիմուի առցանց ուսուցումի:

Ի՞նչեր կ՛ենթադրէ առցանց ուսուցումը:

  1. Իւրաքանչիւր ուսուցիչ նախ պէտք է ունենայ եւ տիրապետէ բջիջային նաեւ, համակարգչային միջոցներու, տան մէջէն դասաւանդելու համար, փոքր հեռարձակող կայան մը ստեղծելով: Յատկապէս գիտական նիւթերուն համար՝ գրատախտակ, տեսախցիկ եւ այլն անհրաժեշտ է: Հաւանաբար ուսուցիչներէն ոմանք կարենան իրենց միջոցներով այս բոլորը կատարել, սակայն ո՛չ բոլորը:
  2. Իւրաքանչիւր աշակերտ իր կարգին պէտք է ունենայ բջիջային հեռաձայն, համակարգիչ եւ համացանցի կապ եւ այս բոլորին բաժանորդագրութիւնները, որոնք շուտով կը սպառին՝ անհրաժեշտ է նիւթական աւելորդ ծախս: Միւս կողմէ դասագիրքերն ու գրենական պիտոյքները, ահռելի կերպով սղած են:
  3. Եթէ նոյն տան մէջ 2-3 աշակերտ-ուսանող կայ, իւրաքանչիւրը իր բջիջային հեռաձայնը, համացանց եւ համակարգիչը պէտք է ունենայ եւ առանձին սենեակ մը, որպէսզի քոյր եղբայր իրար չխանգարեն: Արդեօք կարելի՞ է այս մէկը ակնկալել ընտանիքներէն եւ այս բոլորին բաժանորդագրութեան եւ գործիքներուն ծախսերը հոգալ:
  4. Իսկ եթէ բազմանդամ այս (թիւ 3) ընտանիքին ծնողներէն մէկը ուսուցիչ է, ահաւասիկ բազմապատկուած դժուարութիւն եւ ծախս:

Տնտեսական այս դժուարին պայմաններուն մէջ, բոլորովին աւելորդ այս ծախսերուն մի՛այն կառավարութիւնը կրնայ լուծում տալ: Օրինակ՝ դպրոցներուն արձանագրուած աշակերտներուն թիւով ձրի, կամ, խորհրդանշական գումարով բջիջային քարտեր բաժնել, որ կարելի է օգտագործել դպրոցական ժամերուն մի՛այն: Երկրորդ, դպրոցներուն համացանցի ձրի գիծ-հասցէներ տրամադրել եւ այլն: Իսկ դասագիրքերու եւ գրենական պիտոյքներուն համար տոլարի յատուկ սակ ճշդեն:

Յոյսով ենք, որ այս մտահոգութիւնները բարւոք լուծում կը գտնեն առ որ անկ է դիմելով, մինչեւ որ համավարակին տարածումը զսպուի եւ կանխարգիլման բժշկական միջոցներ հնարուին:

3 օգոստոս 2020

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակի 75-ամեակի Նշում` Մաղթանքներու Ընդմէջէն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Տարանջատել Օտարատեաց Մտածելակերպը՝ Տնտեսական Ճգնաժամէն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.