Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Մամետեարովը

July 16, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դժգոհութիւն յայտնած է իր արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախարար Էլմար Մամետեարովի աշխատանքէն: «Կը կարծեմ, թէ մեր դիւանագիտութիւնը կրնար աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ: Ես բազմիցս նշած եմ, որ մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ յարձակողական, եւ ոչ թէ կրաւորական, պաշտպանողական: Պէտք չէ ըլլայ դիւանագիտութիւն, որ կը վախնայ արտայայտուելէ, որպէսզի բաւարարէ ոեւէ մէկը», ըսած է Ալիեւ Ազրպէյճանի ընկերատնտեսական զարգացման նուիրուած նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ:

«Հակառակ իմ յանձնարարականներուս` ես նախարարէն արդիւնք չտեսայ: Ցաւօք, վերջերս  մեր դիւանագիտութիւնը համատեղելի չէ մեր երկիրի զարգացման յաջողութեան, որոշ պարագաներու անիկա զբաղած է անմիտ աշխատանքով, անմիտ բանակցութիւններով: Ի՞նչ  բանակցութիւններ կրնան ըլլալ թշնամիի հետ «Քորոնա» ժահրի հարցով: Ատիկա անհեթեթ է: Ի՞նչ է, մենք Հայաստանի հետ համագործակցութեա՞ն սկսած ենք», հարց տուած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, «ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»: «Ես կը պատասխանեմ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ յայտարարութեան որեւէ ձեւով արձագանգա՞ծ է, թէ` ոչ: Ես չեմ լսած, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի ժողովուրդը: Ո՞վ պէտք է ատիկա ընէ առաջին հերթին: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը լռէ», ըսած է Ալիեւ` խիստ քննադատութեան ենթարկելով Մամետեարովը:

Ազրպէյճանի նախագահը աւելցուցած է, որ Մամետեարով որեւէ կերպով չէ արձագանգած Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ 12 յուլիսէն սկսած իրադարձութիւններուն:

«Ի՞նչով զբաղած էր արտաքին գործոց նախարարը: Ան ո՞ւր եղած է: Յուլիսի 12-ի իրադարձութիւններէն ետք մենք աշխատանքի վրայ ենք: Վարչապետը աշխատանքի է, ես աշխատանքի եմ` մինչեւ առաւօտ: Պաշտպանութեան նախարարը, սպայակոյտի պետը, ներքին գործոց նախարարը, հետախուզութեան պետը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը մինչեւ առաւօտ կ՛աշխատին: Ես չկրցայ գտնել արտաքին գործոց նախարարը: Ես Ալի Ասատովին (վարչապետ) հարցուցին, ո՞ւր է ան: Ան քեզի ի՞նչ ըսած է: Ըսէ՛», դիմելով Ասատովին`հարցուցած է Ալիեւ:

Ասատով պատասխանած է: «Ան (Մամետարով) ըսաւ, որ տունէն կ՛աշխատի: Ես անոր հեռաձայնեցի, եւ նշեցի. ըսէ՛ ինծի ժամերով, թէ ո՞ւր եղած ես: Ան դարձեալ ըսաւ, թէ տունէն աշխատած է, որ ցերեկը ժամը երեքին լսած է այդ մասին (Հայաստանի հետ սահմանի իրադարձութիւններուն): Ապա ան ըսաւ, որ երեկոյեան ժամը 6:00-7:00-ի շուրջ հեռաձայնով խօսած է Հիլմեթ Հաճիեւի հետ (նախագահի օգնական): Ես անոր տուած եմ յանձնարարականներ, որոնք դուք անոր տուած էք, եւ ըսած, որ այդպէս կարելի չէ, մենք բոլորս աշխատանքի վայր կը գտնուինք: Հոլովոյթները կը ղեկավարուին պարոն նախագահին կողմէն: Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, դուք պէտք է ընէք այն յանձնարարականները, զորս նախագահը տուած է: Ես հարցուցի, թէ ինչո՞ւ դուք տունէն կ՛աշխատիք: Դուք պէտք է աշխատանքի գաք: Խնդիրը այդպէս դրուած է: Ատկէ ետք իրադարձութիւնները յայտնի են», ըսած է Ասատով:

Նշենք, որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի օգնական Վարուժան Գեղամեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Կարծես` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հրաժարական ներկայացուցած է: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ»:

 

 

 

Նախորդը

«Մենք Պատրաստ Ենք Առնուազն Համարժէք Պատասխանել Մեր Սահմանին Վրայ Յարձակած Թշնամիին». Արմէն Սարգսեան

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններու Գծով

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.