Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Պատրաստ Ենք Առնուազն Համարժէք Պատասխանել Մեր Սահմանին Վրայ Յարձակած Թշնամիին». Արմէն Սարգսեան

Յուլիս 16, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Հայաստանի պետական սահմանի Տաւուշի հատուածի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած հազարապետ Գարուշ Համբարձումեան յետմահու պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» երկրորդ աստիճանի մետալով, քափիթեն Սօս Էլբակեանը` Արիութեան մետալով, տասնապետներ Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը` Մարտական ծառայութեան մետալով:

Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան խորին ցաւակցութիւն յայտնեց պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն զոհուած հերոսներուն ընտանիքներուն ու հարազատներուն, նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած վիրաւորներուն, իսկ սահմանին կանգնած մեր զինուորներուն, սահմանամերձ բնակավայրերու մեր հայրենակիցներուն` հաստատակամութիւն եւ տոկունութիւն:

Նախագահ Սարգսեան հրամանատարի զինուորական կոչումներ շնորհեց խաղաղապահ ուժերու ջոկատի հրամանատար, գնդապետ Արտակ Տօնոյեանին, գնդապետ Ժիրայր Պօղոսեանին եւ գնդապետ Անդրանիկ Փիլոյեանին:

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ նախագահը յայտնեց, որ անոնք իրենց կոչումը կը ստանան այնպիսի փուլի, երբ հայրենիքը բարդ օրեր կ՛ապրի, Ազրպէյճան ռազմական գործողութիւններու սկսած է Հայաստանի պետական սահմանին վրայ` դիտել տալով, որ անոնք ռազմական յարձակողական բացայայտ փորձեր են, որոնք դատապարտուած են անփառունակ վախճանի:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ այդ բռնարարքները թշնամանքի եւ ատելութեան հերթական դրսեւորում են Ազրպէյճանի կողմէ: «Ազրպէյճանի քայլերը որեւէ մարդկային տարր չունեն իրենց մէջ: Այսօր ամբողջ աշխարհը մեծ ճակատամարտի մէջ է եւ պայքարում է «Քորոնա» համավարակի դէմ: Այն աշխարհին ստիպում է դառնալ աւելի մարդկային եւ կեանքեր փրկել: Որքան անպատասխանատու, անմարդկային պէտք է լինես, որ ե՛ւ քո սեփական երկրի, ե՛ւ Հայաստանի  համար այս դժուարին օրերին նախայարձակ լինես եւ սահմանի վրայ մեծ լարում ստեղծե՛ս, որին զոհ են գնում մարդիկ: Անշուշտ, իրավիճակը գտնւում է մեր զինուած ուժերի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: Չնայած մենք նախայարձակ չենք, սակայն մեր զինուժը շարունակում է մնալ իրավիճակ եւ պայմաններ թելադրողի դերում»:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ մեր բանակը խաղաղութեան բանակ է, մեր զինուորը խաղաղարար է ու խաղաղապահ: Բայց անոնք որեւէ պահու պատրաստ են եւ կրնան յաղթել թէ՛ մարտի, թէ՛ պատերազմի ընթացքին: «Եթէ Ազրպէյճանը նախընտրում է ուժի լեզուն,ապա, մեր ողջ խաղաղասիրութեամբ հանդերձ, մենք պատրաստ ենք առնուազն համարժէք պատասխանել մեր սահմանի, մեր քաղաքացու, մեր ընտանիքի, մեր օճախի վրայ յարձակուած թշնամուն», յայտնեց Արմէն Սարգսեան` դիտել տալով, որ Հայաստանի համար թանկ  է իւրաքանչիւր քաղաքացիի ու զինուորի կեանք, իւրաքանչիւր թիզ հող:

«Մենք պատրաստ ենք եւ ի զօրու ենք պաշտպանել մեզ, մեր տարածքները: Մենք շարունակելու ենք յաղթել, որովհետեւ ունենք խիզախ զինուոր, խիզախ սպայ, խիզախ հրամանատար եւ յաղթական բանակ: Բանակ, որը մեր միասնութեան, հպարտութեան եւ ազգային արժանապատուութեան ամուր սիւնն է», ըսաւ նախագահը:

Արմէն Սարգսեան կարեւոր նկատեց նաեւ միասնական ուժը եւ կոչ ուղղեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր հայրենակիցներուն` թիկունք կանգնելու սահմանին վրայ գտնուող զինուորներուն, սպաներուն, հրամանատարներուն, որպէսզի անոնք զգան մեր ազգային միասնականութեան, համախմբուածութեան, մեր ազգային ոգիին ուժը: «Ես խնդրում եմ այս դժուարին պահերին լինել հանդուրժող եւ զուսպ: Պէտք է ձեռնպահ մնալ միմեանց թիրախաւորելուց, քաղաքական հակառակորդներ կամ անձնական թշնամիներ փնտռելուց, միմեանց վիրաւորելուց: Պէտք է յիշենք, որ յանուն հայրենիքի անվտանգութեան` վաղը կարող ենք լինել նոյն խրամատի մէջ, կողք- կողքի», դիտել տուաւ նախագահը` յիշելով, որ պատմութեան դժուար պահերուն միշտ ալ տարակարծութիւնները մէկ կողմ ձգելով` եղած ենք կողք-կողքի: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի քաղաքական ուժերուն, Ազգային ժողովին մէջ եւ անկէ դուրս եղող իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն, որոնք յայտարարեցին, թէ այս պահուն պէտք է մէկդի դնել մեր տարակարծութիւնները եւ միաւորուիլ, որովհետեւ մեր դրան սեմին կրկին վտանգ կայ եւ թշնամի:

 

Նախորդը

Թուրքիա Չի Կրնար Ներգրաւուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Առնչուող Գործընթացներուն Մէջ

Յաջորդը

Ալիեւ Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Մամետեարովը

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?