Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններու Գծով

July 16, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ն մտահոգ է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, ըսուած է ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Ես խորապէս մտահոգ եմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի երկայնքին աճող բռնութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղեմ, նախքան մարդկային նոր կորուստները, անյապաղ վերադառնալու կրակոցի դադրեցման», ըսուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ալպանիոյ վարչապետ եւ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռամայի յայտարարութեան մէջ:

Ռամա նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը սերտ կապի մէջ են կողմերուն հետ եւ կը փորձեն կայունացնել իրավիճակը: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ուղիղ կապ հաստատուած է մարտ 2019-ին Վիեննայի մէջ` Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ կայացած անոնց հանդիպումին ժամանակ: Ռաման յոյս յայտնած է, որ այդպիսի գործիքակազմեր կրնան օգտագործուիլ իրավիճակի լարուածութեան մեղմացման համար:

«Մենք բոլորս պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի նուազեցնենք հակամարտութեան մարդասիրական ազդեցութիւնը, եւ կարելի եղածին չափ արագ վերսկսին առարկայական բանակցութիւնները», ըսած է Ռամա:

Ան նաեւ իր կարեկցանքը յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն եւ մտերիմներուն:

Նախորդը

Ալիեւ Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Մամետեարովը

Յաջորդը

Յունաստանի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Եւ Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Նախագահը Կը Դատապարտէ Թուրքիան

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.