Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ներկայ գտնուելու ազգային որեւէ հանդիպումի, որ Լիբանանը կը փրկէ եւ որ Լիբանանը իր դիմագրաւած ներկայ կացութենէն դուրս բերելու յստակ տեսլական կը բովանդակէ:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են երկրին վերաբերող հարցեր` շեշտելով, որ Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւնները կը բաժնէ իւրաքանչիւր անհատ, որ նախանձախնդիր է երկրին եւ անոր ապագային նկատմամբ:
Ֆրենժիէ կարեւոր նկատեց, որ Լիբանանը դուրս գայ իր դիմագրաւած ներկայ իրավիճակէն` աւելցնելով, որ այս պայմաններուն մէջ պէտք է ազգային պատասխանատուութիւն ըլլայ, եւ ամէնէն կարեւորը` երկրին տնտեսական պայմանները բարելաւուին, որպէսզի Լիբանանի հանդէպ վստահութիւնը վերահաստատուի, եւ ներդրումներ ապահովուին: «Այս իմաստով բոլորս պէտք է գործակցինք», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` չէզոքութեան մասին անոր յայտարարած կեցուածքին առիթով:
Պատուիրակութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ողջոյնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին` հաստատելով, որ իրենք միշտ նեցուկ կը կանգնին պատրիարքին:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ գործող լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը չէզոքութիւնն է, քաղաքացիական պետութիւնը, մերձեցման, բազմազանութեան եւ ազգային համերաշխութեան հայրենիքը, որ հաստատուած է 1943-ի Ազգային ուխտով:
«Լիբանան բաց երկիր է Արեւելքին եւ Արեւմուտքին դիմաց, բացի Իսրայէլէն, որ բռնագրաւած է լիբանանեան հողերը: Այդ պատճառով ալ Լիբանան կոչուած է Արեւելքի Զուիցերիան: Լիբանան այսօր ամբողջ աշխարհէն լուսանցքայնացած է, եւ ատիկա իր ինքնութիւնը չէ: Դրական եւ շինիչ չէզոքութիւնն է մեր ինքնութիւնը եւ ոչ թէ պատերազմողի նկարագիրը», հաստատեց ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ չէզոքութիւնը միջազգային, եւրոպական եւ արաբական պահանջ է: «Մենք չէզոքութիւն կը պահանջենք, այլ խօսքով` կը փափաքինք յանձնառու մնալ արդարութեան, բարօրութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն, եւ այս է Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ կամուրջը:
«Լիբանան այլոց հետ յարաբերութիւնները կամրջելու երկիրն է եւ ոչ թէ տարբեր ժողովուրդներու հետ գժտուելու երկիր մը, հետեւաբար մենք պէտք է վերադառնանք մեր ինքնութեան եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմին հետ կապուած ըլլալու իրականութեան», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է, որպէսզի ապահովէ Լիբանանի` պատգամ երկիր ըլլալու ճշմարտութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը այսօր ուղղուի Պաապտա` հանդիպում մը ունենալու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:



