Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ Համաճարակի 2-րդ Ալիքի Մտավախութիւն. «Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա»-էն Ետք Կեանքը Իր Բնականոն Ընթացքին Պիտի Վերադառնայ Միայն Յառաջիկայ Տարի» Կ՛ըսէ Ֆաուչի

June 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր վարակաբան եւ Սպիտակ տան «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի խումբի անդամ տոքթ. Անթընի Ֆաուչի յայտարարեց. «Նոր «Քորոնա» ժահրը կրնայ շարունակել երկու փուլով` երթով եւ դարձով»:

Ան յոյս յայտնեց, որ մէկ տարիէն կամ շուրջ մէկ տարիէն համաճարակի աւարտէն ետք կարելի պիտի ըլլայ «որոշ չափով բնականոն կեանքի» հասնիլ:

Ֆաուչի բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Քորոնա» ժահրի տարածումը արգելակելու համար հաստատուած բոլոր սահմանափակումներէն ձերբազատուելէ ետք բնականոն կեանքի վերադարձը ձմեռը կամ յառաջիկայ աշնան պիտի չըլլայ, այլ թերեւս ատկէ աւելի ուշ»:

Ան նախատեսեց, որ իր երկրին կողմէ հաստատուած ճամբորդութեան արգելքը տակաւին ամիսներ պիտի շարունակուի:

Ֆաուչի աւելցուց, որ Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Տիթրոյթի եւ Նիւ Օրլիընզի օճախներուն մէջ ժահրի տարածումը դանդաղած է:

Մինչ այդ, Չինաստանի ազգային առողջապահութեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ երկրին մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 49 պարագաներ, որոնց 36-ը արձանագրուած է մայրաքաղաք Փեքինի մէջ, երեք պարագայ` Հուփէյ նահանգին մէջ, իսկ տասը ուրիշներ արտասահմանէն երկիր վերադարձածներու մօտ, ինչ որ երկրին մէջ համաճարակի երկրորդ ալիքի մը նկատմամբ մտավախութիւն կը յառաջացնէ:

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Շարք Մը Երկիրներ Իրենց Սահմանները Վերաբացած Են Զբօսաշրջիկներու Դիմաց

Յաջորդը

Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ «Արծիւի Մագիլ» Զինուորական Գործողութեան Սկսած Է

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.