Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Ջերմօրէն Կը Թելադրենք Համաճարակին Դէմ Պաշտպանուելու Համար Նախազգուշական Քայլերուն Հետեւիլ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

June 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 1 յունիս 2020-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին հանդիպումը: Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջեկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ պատասխանատու միաբան հայրերու կողմէ եւ քննարկումներէ ետք տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Ժողովի աւարտին վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Կրօնական ժողովի ընթացքին մենք նաեւ անդրադարձանք համաճարակի հետեւանքներուն եւ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն` թէ՛ եկեղեցական արարողութիւններու, թէ՛ ընկերային ծառայութեան եւ թէ այլ մարզերու մէջ: Բնականաբար, այս բոլորին մասին տեղեակ պիտի պահենք մեր թեմերը:

«Այս առիթով, կ՛ուզենք կարեւորութեամբ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեզի համար իւրաքանչիւր հայ արժէք մըն է եւ, հետեւաբար, իր ֆիզիքական, բարոյական ու տնտեսական առողջութիւնը մեզի համար, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ ու ազգին` կենսական է: Մենք պիտի շարունակենք մեր լաւագոյնը կատարել այս ուղղութեամբ` ծառայութեան ճամբով մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ:

«Մեր թելադրանքն է, որ համաճարակի ստեղծած այս վտանգալից կացութիւնը դիմագրաւենք բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու խստապահանջութեամբ` մեր անձին, մեր ընտանիքին, մեր բարեկամներուն եւ ընդհանրապէս մեր շրջապատին նկատմամբ: Կը կրկնենք. իւրաքանչիւր հայու կեանքը թանկագին է մեր ազգին համար: Արդ, մեր հայրական թելադրանքն է, որ առողջապահական, պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ հաստատուած նախազգուշական միջոցներուն հաւատարմօրէն հետեւինք` դիմակ գործածելով, ֆիզիքական անհրաժեշտ հեռաւորութիւնը պահելով, մեր ձեռքերը յաճախ լուալով եւ հեռու մնալով բազմանդամ հաւաքներէ: Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայորդի կարեւորութեամբ նկատի պիտի առնէ համաճարակին դէմ պաշտպանուելու համար հաստատուած այս ազդու միջոցները»:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.