Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արտօնելի Չէ Հայրենիքին Անվտանգութիւնը Ցնցել Եւ Անոր Հրապարակները Յանձնել Ցոյցերը Շահագործող Խուլիկաններուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

June 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց հիւսիսային Լիբանան, ուր ստուգեց բանակի 2-րդ, 10-րդ եւ 12-րդ ջոկատները, ինչպէս նաեւ յատուկ միջամտութեան ուժերու Ա. վաշտը:

Բանակայիններուն ուղղած իր խօսքին մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ Թրիփոլին պատմութեան եւ հնութեան քաղաք է` աւելցնելով, որ անոր արժանապատուութիւնը բանակին արժանապատուութենէն է, եւ բանակը բնաւ պիտի չլքէ Թրիփոլին:

Զօր. Աուն, ստուգելէ ետք վերոնշեալ ջոկատները, հանդիպում ունեցաւ սպաներուն եւ զինուորականներուն հետ եւ անոնց փոխանցեց անհրաժեշտ ցուցմունքները:

«Աքքար բանակին պահեստի ուժն է եւ հայրենիքին բագինին մեծ զոհողութիւններ կատարած է: Բանակայինները ժողովուրդին չեն դիմադրեր, այլ օրէնքի եւ ցուցմունքներու հիման վրայ կը կատարեն իրենց զինուորական գործողութիւնները: Բանակայինները կը դիմադրեն անոնց, որոնք խուլիկանութիւններ ու վայրագութիւններ կը կատարեն եւ հաստատութիւններու, կառավարական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական կալուածներու վրայ կը յարձակին», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը իր ժողովուրդին թշնամին չէ, այլ կը պաշտպանէ ժողովուրդն ու ցուցարարները: «Քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու մեր պատասխանատուութիւնը միացեալ է, եւ արտօնելի չէ հայրենիքին անվտանգութիւնը ցնցել, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հրապարակները յանձնել ցոյցերը շահագործող խուլիկաններուն:

Մենք լուռ կ՛աշխատինք` համաձայն մեր համոզումներուն, որոնք ազգային սկզբունքներ են: Մեզի համար բանակին հասցէին կատարուած զրպարտութիւնները անտեսելի են, որովհետեւ մարտահրաւէրները մեծ են, իսկ զանոնք յաղթահարելու կամքը` շատ աւելի մեծ», շեշտեց զօր. Աուն:

Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց զինուորներուն, ինքնազսպումի ենթարկուելու, հակառակ անոր որ տնտեսական տագնապը մեծ է, իսկ բանակայինները ժողովուրդին մաս կը կազմեն եւ անոնց նման կը տառապին: «Կարելի չէ բանակը ազգային հարցերէն հեռու պահել, եւ մեր գիտակից ու պատասխանատու կեցուածքով Լիբանանը պիտի հասցնենք ապահով տեղ», ընդգծեց զօր. Աուն` հաստատելով նաեւ, որ քաղաքացիները իրենց կարգին պէտք է նեցուկ կանգնին բանակին, որ կը զոհուի հայրենիքին, ժողովուրդին ու կառոյցներուն պաշտպանութեան ի խնդիր», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան Ընդունեց Հեծելարշաւի Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Տիապի

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.