Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարամէ. «Թրիփոլի Կառավարութենէն Արդարութիւն Կ՛ակնկալէ` Հաւասարակշռուած Բարեկարգումի Իմաստով»

May 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ սարքեց իֆթար մը, որուն ներկայ գտնուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթ, ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար եւ աշխատանքի նախարար Լամա Եամմին:

Այս առիթով քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի մէջ Հուպալլայի, ընկերակցութեամբ` նախարարներ Նաժժարի, Հաուաթի եւ Եամմինի կատարած այցելութեան արդիւնքները, եւ շրջանին մէջ ճարտարարուեստի ու այդ մարզի սեփականատէրերուն իրավիճակը:

Քարամէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարներուն Թրիփոլիի նկատմամբ անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար` հաստատելով, որ Թրիփոլին կառավարութենէն արդարութիւն կ’ակնկալէ` հաւասարակշռուած բարգաւաճումին իմաստով:

Ան մաղթեց, որ այս կառավարութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդուի` տնտեսութիւնը հիմնելով արտադրողական հիմնասիւներուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել երկրին դիմագրաւած տնտեսական ներկայ տագնապը:

Այս առիթով Նաժժար շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի պատմական այս քաղաքին բարեկարգումին ի խնդիր:

Իր կարգին, Եամմին շեշտեց, որ աշխատանքի նախարարութիւնը պիտի զօրակցի նախարար Հուպալլայի մշակած ծրագիրին, որուն նպատակն է Թրիփոլիի մէջ նոր աշխատանքներ հիմնել եւ գործի առիթներ ընծայել քաղաքացիներուն:

Հաուաթ մաղթեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն շրջանի բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ աշխատանքի առիթներու ստեղծումին, որպէսզի նորահաս սերունդները աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրին:

Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ հիւսիսային Լիբանանը լեցուն է մարդկային ներուժով եւ կարողութիւններով: «Մեր այցելած գործարանները հպարտութիւն կը ներշնչեն եւ իրենց արտադրութիւններով մրցունակ են աշխարհի արտադրութիւններուն հետ, յատկապէս արտածումի համեմատութեան առումով: Կան նաեւ այլ գործարաններ, որոնք հում նիւթ չունենալու հիմնահարցէն կը տառապին», ըսաւ Հուպալլա` ընդգծելով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Թրիփոլիի մէջ փրկութեան ծրագիր մը մշակելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Հաստատէ, Որ Ո՛չ Մէկ Շարժումի Հրաւիրած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.