Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Շարունակէ Հակակշիռի Տակ Պահել «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը

May 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 725-ի, Մահուան Պարագաները Կը Մնան 24, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասաւ` 150-ի

 

Լիբանան կը շարունակէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու դէմ պայքարը եւ այդ իմաստով յաջողութիւններ կ’արձանագրէ` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ հակակշիռի տակ կը պահէ կացութիւնը:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 725-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 24 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 150 ուրիշներ` բուժուած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 1367 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ բոլորին քննութեան արդիւնքը ժխտական է, իսկ Պէյրութ հասնող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած է 686 քննութիւն, որոնցմէ 4-ին արդիւնքը դրական ցոյց տուած է:

«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով Լիբանան վերադառնալ փափաքող արտերկրի քաղաքացիները Պէյրութ փոխադրելու Բ. փուլի գործադրութեան շրջագիծին մէջ, երէկ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը Պոլիս գտնուող արտերկրի լիբանանցիները փոխադրեց Լիբանան:

Աւելի ուշ Լիբանան հասան Մասքաթէն, Նիկերիայէն եւ Լոնտոնէն արտերկրի լիբանանցիներ փոխադրող օդանաւերը:

Եկող լիբանանցիները Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ենթարկուեցան «Փի. Սի. Ար.» քննութեան, որմէ ետք ապահովութեան ուժերը զանոնք փոխադրեցին համապատասխան պանդոկները, ուր անոնք պիտի մեկուսանան մինչեւ «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման արդիւնքներուն հրապարակումը, որմէ ետք անոնք իրենց մեկուսացումը 14 օրուան համար պիտի շարունակեն իրենց բնակարաններուն մէջ:

Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ անհրաժեշտ է յանձնառու մնալ «Քորոնա» ժահրէն վարակուելու համար որդեգրուած նախազգուշութիւններուն, որոնցմէ գլխաւորները կը մնան դիմակի օգտագործումը, ձեռքը լուալու եւ համախմբումներէ հեռանալու կարեւորութիւնը:

Արաժի ընդգծեց սննդամթերքի մեծ վաճառատուներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման նախազգուշութիւնները որդեգրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ նախազգուշութիւններուն չդիմուելու պարագային Լիբանան «Քորոնա» համաճարակի նոր ալիք մը պիտի վկայէ, որ առաջին ալիքէն շատ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ, այն իմաստով, որ այդ ալիք հարուածելուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրը յաւելեալ արագութեամբ պիտի տարածուի երկրին մէջ:

«Եթէ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ Լիբանան պիտի գտնուի «Քորոնա» համաճարակի երկրորդ ալիքը դիմակայելու իրականութեան դիմաց», ըսաւ Արաժի:

Արաժի նշեց, որ գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի յանձնախումբը Լիբանանին 38 միլիոն տոլար տրամադրած է` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իբրեւ օժանդակութիւն: Ան նշեց, որ այդ գումարով պիտի սարքաւորուին 5-7 կառավարական հիւանդանոցներ եւ 800 հիւանդանոցային անկողիններ:

 

 

Նախորդը

Քիւպիչ Այցելեց Եարզէ. Ցուցարարները Շարունակեցին Փակել Ճամբաները, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բանակին Զօրակցական Ցոյց Մը

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Կը Զօրակցինք Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Կը Մեժրենք Երկրին Կալուածներուն, Բանակին Ու Ապահովութեան Ուժերուն Դէմ Գործուած Յարձակումը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.