Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ 24-ի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Պահանջատիրութիւնը Մեր Ժողովուրդին Համար Լոզունգ Չէ, Այլ Ամէնօրեայ Տագնապ, Ապրում Ու Ձգտում Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 27, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը իր զանգերը ղօղանջեց 24 ապրիլ 2020-ի առաւօտուն` նշելով Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105-ամեակը` Ս. եւ անմահ պատարագով, որուն հանդիսապետեց  Արամ Ա. կաթողիկոս, իսկ զայն մատուցեց Լիբանանի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Յընթացս Ս. պատարագին, վեհափառ հայրապետը Ս. խորան բարձրացաւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը: Ան ըսաւ, որ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող թուական մըն է, միաժամանակ ան իր մէջ կը բովանդակէ ու կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կամքն ու անխորտակելի հաւատքը. «Ահա թէ ինչո՛ւ սովորական օր մը չէ այս օրը` խորհուրդ մըն է մեր կեանքը իմաստաւորող, պատգամ մըն է մեր կեանքին ուղղութիւն ու նպատակ տուող»:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Ապրիլ 24-ի խորհուրդով շաղախուած է իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու գոյութեան պայքարը եւ աւելցուց. «Հայ դատը հայ ժողովուրդի՛ դատն է: Քո՛ւ դատդ է, ժողովո՛ւրդ հայոց, հետեւաբար Հայ դատը մե՛նք պիտի շարունակենք համահայկական մաշտապով, համահայկական գործակցութեամբ, համահայկական կամքով եւ վճռակամութեամբ»:

Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս բազմիցս յորդորեց ըլլալ իրապաշտ ու կազմակերպ` մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, որոնք ցաւօք սրտի հիմնուած են ազգերու եւ գերպետութիւններու տնտեսական ու քաղաքական շահերու վրայ: «Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը, դժբախտաբար, թուղթի վրայ մնացած է, իսկ ազգերու իրաւունքները եւ աստուածատուր արդարութիւնը մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուին»:

Ան անդրադարձաւ Հայ դատին այժմէականացման ու իրաւական հիմքերով քաղաքականացման հրամայականին եւ շեշտեց դերակատարութիւնը Հայաստանի պետութեան եւ սփիւռքին` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մօտեցումներով. «Մենք մէ՛կ դատ ունինք. այդ դատը Հայաստանի՛ դատն է, մեր ազգի՛ն դատն է, մեր եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հայո՛ւն դատն է: Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, վերանորոգ հոգիով եւ հաւատքով պէտք է շարունակենք մեր դատի հետապնդումը միջազգային շրջանակներու մէջ` ընդարձակելով մեր բարեկամներու շրջանակը, ծաւալելով մեր քաղաքադիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ միշտ շեշտը դնելով քաղաքական եւ իրաւական տարածքներուն վրայ»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառը ընդգծեց պահանջատիրական պայքարի ոգիին ու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը` ըսելով. «Մենք իրաւազրկուած ժողովուրդ ենք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ի՛նք եւս իրաւազրկուած է, իր պատմական հողերէն, կալուածներէն դուրս դրուած է: Սա պատմութեան էջերուն չի պատկանիր միայն: Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար լոզունգ չէ՛` այլ ամէնօրեայ տագնապ, ապրում եւ ձգտում է»: Ան յիշեցուց, որ անկարելի է պահանջատիրութիւնը պատմութեան էջերուն յանձնել` մանաւանդ, երբ Թուրքիա կը շարունակէ իր արարքը` իւրացնելով ազգապատկան մեր կառոյցները, փոխելով անոնց նկարագիրը ու ոչնչացնել փորձելով ամէն տեսակ հայկական հետք, ու հարց տուաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նման միջազգային մշակութային հարստութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւններու լռութեան պատճառը` ի տես մշակութային ցեղասպանութեան:

Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` վերանորոգելու պահանջատիրական հաւատքը, կամքը, վճռակամութիւնն ու յանձնարութիւնը, եւ այդ ոգիով շարունակելու պայքարը, հաւաքական պայքարը հայութեան` ի խնդիր մեր անիրաւուած ու բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, նախարարներ ու երեսփոխաններ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին սփիւռքի մէջ կանգնեցուած առաջին յուշարձան` Սրբոց Նահատակաց մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն յիշատակին:

 

Նախորդը

Պայքարէ Զատ Ամէն Ինչի Կը Նմանի

Յաջորդը

Ընդհանուր Զօրաշարժը Պիտի Երկարի Մինչեւ 10 Մայիս. Վարչապետ Տիապ Ռիատ Սալամէէն Կը Խնդրէ Բացատրութիւն Տալ Լիբանանցիներուն` Տիրող Ելեւմտական Կացութեան Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.