Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր

April 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամը 11:30-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական օրէնսդրական նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` մասնակցութեամբ երեսփոխաններու եւ նախարարներու: Նիստը պիտի շարունակուի այսօր եւ վաղը եւս:

Խորհրդարանի նախագահը, արձագանգելով անոնց, որոնք խորհրդարանը կը մեղադրեն իր պարտականութիւններուն մէջ թերանալու եւ իր դերը չկատարելու յանցանքով, ըսաւ, որ խորհրդարանը կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ աւելի՛ն: Պըրրի դիտել տուաւ, որ բոլորը գիտեն, թէ այս նիստը նախապէս որոշուած էր, եւ թէ ինչպէս խանգարուած էր անոր կայացումը` աւելցնելով, թէ խորհրդարանի գրասենեակի մարմինը զետեղած էր բոլոր ծրագիրները եւ առաջարկները իր օրակարգին վրայ, սակայն դժբախտաբար ոմանք կը հաւատան ինչ որ կ՛ըսուի խորհրդարանի դերին մասին: «Խորհրդարանը կը կատարէ իր դերը, եւ աւելի՛ն, թէ՛ օրէնսդրական, թէ՛ կարգաւորող, անկախ ըսուածներէն», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:

Խորհրդարանը իր առաջին օրէնսդրական նիստին ընթացքին վաւերացուց 66 կէտերէ բաղկացած օրինագիծերուն 16-ը:

Խորհրդարանը կրկին կառավարութեան տրամադրութեան տակ դրաւ միջազգային հիմնադրամի հետ վարկի պայմանագիրը, որ կը վերաբերի անասնաբուծութիւնը խթանելու գիւղատնտեսութեան զարգացման, երբ այդ ծրագիրը նախապէս յետս կոչուած էր վարչապետ Տիապի կողմէ` մեքանիզմը սահմանելու եւ ծրագիրը ուսումնասիրելու համար:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ 40 միլիոն տոլարի արժողութեամբ համաշխարհային դրամատան ներկայացուցած վարկը, որ յատկացուած է  վերակառուցման եւ զարգացման` Լիբանանի մէջ առողջապահական համակարգը ամրապնդելու ծրագիրը գործադրելու համար, եւ որմէ մաս մը պիտի տրամադրուի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու:

Խորհրդարանը նաեւ վաւերացուց պաշտօնեաներու մասին օրէնքի 61-րդ յօդուածին մէջ փոփոխութիւն կատարելու առաջարկը:

Ներկայացուցեաւ նաեւ այն, որ կարելիութիւն տրուի 2020 թուականի պիւտճէի մասին օրէնքի 32-րդ յօդուածի դրոյթներով նախատեսուած անձերուն` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար նուիրատուութիւններ եւ օժանդակութիւններ տրամադրելու համար: Այս ծրագիրը վաւերացուեցաւ:

Վաւերացուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քայրոպաքթիքի կիրարկումը կարգաւորող օրինագիծը:

Առաջադրուեցաւ թիւ 5272 բանաձեւը, որ ուղղուած է հանրային մարզին մէջ փտածութեան դէմ պայքարին եւ փտածութեան դէմ պայքարելու ազգային մարմինի ստեղծման ուղղուած օրէնքը վերականգնելուն: Ատիկա վաւերացուեցաւ մէկ յօդուածով:

Վաւերացուեցաւ նաեւ այն օրինագիծը, որուն համաձայն, «անկարներ» եզրը պիտի փոխարինուի «յատուկ կարիքներ ունցողներ» եզրով:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին շարունակուեցաւ օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ կանեփի ցանքի օրինականացումը:

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Հաստատեց, Որ 27 Ապրիլէն Ետք Երեւանէն Լիբանան Պիտի Վերադարձուին Լիբանանցիները

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Անունով Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կը Մերժէ Կանեփի Մշակման Օրինականացումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.