Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ 14 ապրիլի դրութեամբ Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 28 նոր պարագաներ: Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակման հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 1067-ի:
Առողջացած եւ տուն վերադարձած են 54 քաղաքացիներ, իսկ հիւանդանոցը կը գտնուին 786 հիւանդներ:



