14 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 28-րդ տարելիցին առիթով Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելեցին, անոր շիրիմին ծաղիկներ զետեղեցին եւ անոր յիշատակը յարգեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, կուսակցական ընկերներ, հարազատներ:
Արցախի նորաստեղծ պետականութիւնը Արթուր Մկրտչեանը ղեկավարած է ընդամէնը 97 օր, սակայն իր քաղաքական ու մարդկային բացառիկ յատկանիշներուն շնորհիւ ան անջնջելի դրոշմ ձգած է Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի համաձայն, Արթուր Մկրտչեանի կերպարը, անոր անցած ուղին ու գործունէութիւնը կը նախանշեն մեր պետականութեան ապագայի ուղեգիծը:
«Խորհրդանշական է, որ այսօր` 14 ապրիլին Արցախի մէջ կ’ընտրեն հանրապետութեան նախագահ: Արթուր Մկրտչեան քաղաքական գործիչի պատգամներու եւ այսօրուան խորհուրդը ամբողջութեամբ այստեղ պէտք է տեսնել: Ապագան պէտք է կառուցուի Արթուր Մկրտչեանի նախանշած ուղիով, որմէ շեղելու պարագային, դատապարտուած կ’ըլլանք մեր ապագայ յաջողութիւնները մեզմէ հեռու տեսնելու ճակատագիրին», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:



