Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Դիմադրութիւնը Արդի Դարու Ամէնէն Պատուաւոր, Իմաստուն Եւ Ազնուական Դիմադրութիւնն Է»

March 21, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, 20 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած Ամեր Ֆախուրիի ազատ արձակումը գործարք մը չէ` աւելցնելով, որ անոր ձերբակալումէն ի վեր լիբանանեան պետութեան պատասխանատուներուն դէմ սկսան ամերիկեան ծանր ճնշումներ բանեցուիլ:

Նասրալլա նշեց, որ Ֆախուրիի մասին խօսելու ստիպուած կը զգայ` մեկնելով լիբանանեան հանրային կարծիքին, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան հետեւորդներուն նկատմամբ իր յանձնառութենէն: Ան աւելցուց, որ թշնամիներն ու հակառակորդները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Դիմադրութեան եւ անոր հետեւորդներուն միջեւ վստահութիւնը խախտելու:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը Ֆախուրիի ազատ արձակումին վերաբերող ոչ մէկ գործարքի մեղսակից դարձած է: «Աւելի՛ն. մենք նոյնիսկ տեղեակ չենք` այդ վճիռին ետին գործարք կա՞յ, թէ՞ ոչ: Ամերիկեան իշխանութիւնները ահաւոր ճնշումներ բանեցուցին լիբանանեան պետական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ դատախազներու դէմ` սպառնալով զանոնք պատժամիջոցներու ենթարկել եւ կամ Լիբանանի մատուցուած ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնել», ըսաւ ան:

Փորձելով այս բոլորին մէջ դրական յատկանիշ մը տեսնել, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները 6 ամիս դիմացան այդ ճնշումներուն, սակայն ի վերջոյ տեղի տուին: «Մենք գիտէինք, որ ամերիկացիներուն կողմէ գործակալի ազատ արձակման պահանջը վատ է ու շատ վտանգաւոր դռներ պիտի բանայ: Սակայն Ֆախուրին Լիբանանէն դուրս փոխադրելու ձեւը լիբանանեան եւ դատական իշխանութիւններուն գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է եւ անընդունելի», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Ֆախուրիի ազատ արձակումին մասին իմացած են տեղեկատուութեան մարզէն` աւելցնելով, թէ իրենք կը փափաքէին, որ անոր դէմ արձակուած վճիռը արդար ըլլար եւ իրաւազրկուած մարդոց արդարութիւն պարգեւէր:

«Լիբանանի կառավարութիւնը կամ պետութիւնը օր մը օրանց Հըզպալլայի կառավարութիւն չէ եղած, իսկ կառավարութիւնը Ֆախուրիի թղթածրարը չէ քննարկած եւ այդ մասին որոշում չէ տուած: Իսկ Դիմադրութեան ներկայացուած բոլոր առաջարկները լիբանանեան գերագոյն շահերուն չեն ծառայեր», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք նոր 7 մայիս մը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ՞ր այս օրերուն:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է եւ դիմադրութեան շարժում, որ ունի իր հետեւորդները, դատը եւ առաջնահերթութիւնները: «Դիմադրութիւնը ընդվզումներով չէ, որ կ՛առաջնորդուի, ոչ ալ ամօթ կը զգայ, այլ` կը յանձնարարէ Ֆախուրիի հարցը հետապնդել դատական իշխանութիւններուն ճամբով, եւ անոր հանդէպ ցուցաբերել արդարութենէն փախուստ տուած յանցագործի վարուելակերպ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը կ՛ընդունի, որ իր եղբայրները, բարեկամները եւ դաշնակիցները քննադատեն կամ խորհուրդ տան իրեն, «սակայն ամբաստանութիւնը, դաւաճանութիւնը եւ կասկածամտութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր հասցէին վարկաբեկիչ խօսքերը անընդունելի են», հաստատեց ան` շեշտելով, որ նման քայլերու դիմողները թող իրենց հետ բարեկամութեան շրջանակէն դուրս գան:

«Դիմադրութիւնը արդի դարու ամէնէն պատուաւոր, իմաստուն եւ ազնուական դիմադրութիւնն է, եւ դարու անարդարութիւնն է, որ ինք ստիպուի իր եղբայրները տանջած գերիի մը հարցով Հըզպալլան պաշտպանել», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու միջոցներուն` սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` աւելի խստութեամբ հետեւելու առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ բնակարաններէն դուրս չգալու:

Ան խստիւ դատապարտեց «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն միջեւ համայնքային խտրութեամբ արտայայտուողները` այդ մէկը նկատելով մեծ ամօթ:

 

 

Նախորդը

Քիւպիչ Փոխանցեց ՄԱԿ-ի Պատրաստակամութիւնը` Լիբանանին Զօրակցելու

Յաջորդը

Ամեր Ֆախուրիի Հարցով Հըթթի Բացատրութիւն Պահանջեց Դեսպան Շիայէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.