8 մարտին շարունակուած են Դաշնակցութեան թեկնածուներուն նախընտրական հանդիպումները Նոր Շահումեանի շրջանի գիւղական համայնքներուն մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւորի թեկնածու Արթուր Մոսիեան, Դաշնակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Լեռնիկ Յովհաննիսեան` Նոր Շահումեանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանի հետ այցելած են Քարվաճառի մէջ կառուցուող «Սիտնի» թաղամաս, ուր ԱՌԻ ծրագիրով ու աւստրալահայերու տրամադրած միջոցներով, ընթացքի մէջ են 15 առանձնատուներու շինարարական աշխատանքները:
Այնուհետեւ արձագանգելով եւ ընդառաջելով Նոր Մանաշիդի գիւղական համայնքի բնակիչներու հրաւէրին` տեղւոյն վրայ արտահերթ հանդիպում ունեցած է Դաշնակցութեան համամասնական ընտրացուցակով Ազգային ժողովի պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած Արթուր Մոսիեան, որ ծանօթացած է զանոնք յուզող խնդիրներուն եւ ներկայացուցած այն լուծումները, որոնք կը նախատեսուին Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրով:
Նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորի թեկնածու Լեռնիկ Յովհաննիսեան օրը սկսած են Նոր Ղարաչինարի համայնքէն, ուր նախ ծաղիկներ զետեղած են զոհուած ազատամարտիկ Արամայիս (Էդիկ) Խաչատրեանի կիսանդրիի պատուանդանին, ապա հանդիպում ունեցած բնակիչներուն հետ:
Իր խօսքին մէջ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նախ անդրադարձած է արցախեան տագնապի լուծման եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ ՀՅԴ-ի ներդրումին ու համահայկական ներուժին, ապա ներկայացուցած է նախագահի թեկնածու Դ. Իշխանեանի անցած մարտական ու քաղաքական ուղին:
Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ, Դաշնակցութեան թեկնածուները հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Եղեգնուտ, Քնարաւան, Զուար, Նոր Էրքեջ եւ Չարեքտար համայնքներուն մէջ: Բնակիչները ծանօթանալով կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին, հետաքրքրուած են գիւղերու ընկերային-տնտեսական զարգացման, բնակարանաշինութեան վերաբերող տեսլականով ու մանրամասնութիւններով:




