Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Նախագահը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

March 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ, ուրբաթ, 6 մարտի երեկոյեան, ընդունեց ՀՅԴ ներկայացուցչութեան այցելութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանի եւ անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի:

Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս ջերմօրէն ողջունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Յունաստան` անդրադառնալով իր սերտ ու երկարատեւ կապերուն Յունաստանի հայ համայնքին եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին հետ, ապա նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ կայացած հանդիպման բարձր մակարդակին մասին: Ան խանդավառութեամբ խօսեցաւ Երեւանի մէջ ունեցած պետական շփումներու բեղուն արդիւնքներուն մասին եւ զօրակցական իր անվերապահ կեցուածքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած լարուած ու բարդ իրավիճակին շուրջ, որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ համայն հանրութեան առջեւ Թուրքիոյ որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը, որ ճնշումներու ու սպառնալիքներու լեզուով իր օգտին կը փորձէ պարտաւորեցնել Եւրոպան եւ մարդկութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով, Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդի անկեղծ ու պատրաստակամ գործակիցն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, յունահայութեան հանդէպ երկար տարիներէ ի վեր Յունաստանի նախագահին ունեցած անկեղծ վերաբերմունքին համար ու համոզում արտայայտեց, թէ բարձրամակարդակ ու ջերմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն պահպանուիլ ապագային եւս, բոլոր այն մարզերուն մէջ, ուր Յունաստանի նախագահը պիտի շարունակէ իր գործունէութեան շրջագիծը:

Նախորդը

Կիպրոսի Մէջ Ստեղծուած Է Արցախի Հետ Բարեկամութեան Շրջանակ

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Մէկ Օրուան Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրէն 50 Մարդ Մահացած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.