Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Բոլորը Պէտք Է Զօրակցին Կառավարութեան, Նոյնիսկ Եթէ Ան Որոշ Արգելքներ Դիմագրաւէ»

March 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը կտրականապէս կը մերժեն երկրի պարտքերուն կանխիկ վճարումը, իսկ պահանջուածը այն է, որ բոլորը զօրակցին կառավարութեան, նոյնիսկ եթէ ան որոշ արգելքներ դիմագրաւէ:

«Այն դրամատուները, որոնք Լիբանանի նիւթական պարտաւորութեան առումով 75 առ հարիւրի վնաս հասցուցին, պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն: Եթէ անոնք համաձայն են առանց նախապայմանի եւ կանխիկ վճարումի երկրին նիւթական պարտքը վերադասաւորումի ենթարկելու, ապա ատիկա ընդունելի է, այլապէս` մենք վճարումէն բացի որեւէ ելքի համաձայն ենք: Կը վերահաստատենք նաեւ, որ դրամատուներուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն հաշիւները սրբութիւն կը նկատուին», շեշտեց ան:

Պըրրի ընդգծեց լիբանանեան ներքին միակամութեան անհրաժեշտութիւնը` իշխանամէտներուն եւ ընդդիմադիրներուն մօտ, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու կարեւորութիւնը` այս տագնապը դիմակայել կարենալու համար:

Պըրրի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ հարցերով օգնական Խալետ Խայարին` ընկերակցութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի:

Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կացութիւնն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հեռանկարները:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Բարձրացաւ 15-ի

Յաջորդը

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատասխանը «Սի. Էն. Էն. Կրիս»-ի Ապատեղեկացնող Յօդուածին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.