Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Առաջին Պարագան Ապաքինած Է

March 4, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով նոր վարակում չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ով վարակուած առաջին քաղաքացիին երէկուան բժշկական քննութիւնը անոր «Քորոնա» ժահր ունենալը ցոյց չէ տուած:

Նախարարութեան այս լուրը կը նշանակէ, թէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացին ապաքինած է: Կը նախատեսուի, որ ան այսօր դարձեալ ենթարկուի բժշկական քննութեան, եւ արդիւնքին մէջ «Քորոնա» ժահր չերեւալու պարագային, ան պիտի մեկնի իր բնակարանը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ բժշկական քննութեան ենթարկուած այլ պարագաներու արդիւնքները դարձեալ ցոյց չեն տուած անոնց «Քորոնա» ժահր ունենալը:

Միւս կողմէ, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը` խորհրդակցելէ ետք արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի հետ, յայտարարեց, որ դատարաններն ու դատական հարցերու վերաբերող գրասենեակները երեք օրուան համար` 4-6 մարտ 2020, փակ պիտի պահուին` «Քորոնա» ժահրի տարածումէն իբրեւ նախազգուշացում:

Նշենք, որ առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յանձնախումբի նիստին ընթացքին շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի բազմանալուն պարագային` սեփական հիւանդանոցները եւս պէտք է անոր յատուկ բժշկական քննութիւնը կատարեն:

Արաժի ընդգծեց, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրի յատուկ բժշկական քննութիւնը ձրի է:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 47 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 12-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:

Միւս կողմէ, նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուած 25 պարագաներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց բնակարանները, ուր անոնք 14 օրուան ապաքինման շրջան մը պիտի անցընեն:

Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ տակաւին կան 9 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:

 

 

Նախորդը

Ժեմայէլ. «Կեդրոնական Դրամատան Հետ Համաձայնութիւն Գոյացաւ 100 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Ճարտարարուեստի Մարզին»

Յաջորդը

Հըթթի Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահներուն Ներկայացուց Ֆրանսա Իր Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.