Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Նահատակներուն Յիշատակին

February 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը  փետրուարի այս օրերուն կը սգայ Սումկայիթի իր նահատակները:

2020 թուականը կը խորհրդանշէ 32-րդ տարելիցը այն նահատակներուն, որոնք զոհ գացին Ազրպէյճեանի Սումկայիթ քաղաքին եւ մօտակայ  շրջաններուն մէջ` թուրք-ազերիական ամբոխներուն կողմէ, հայ բնակչութեան դէմ կազմակերպուած եւ ծրագրաւորուած ոճրագործութեան:

Ոճրային այդ արարքը կը կրէր քաղաքական իշխանութիւններուն հովանաւորութիւնը: Իրաւապահ մարմինները նախապէս կազմած էին  հայ  բնակիչներու ցուցակը, հասցէն: Վայրագութիւնները նախորդող օրերուն հակահայ  հանրահաւաքներ տեղի կ՛ունենային Պաքուի  տարբեր շրջաններու մէջ: Մամուլը եւ հեռատեսիլը  յղի էին հակահայ քարոզչութեամբ: Ատելութեան մթնոլորտը կ՛եռար հայերու դէմ:

Հայ ժողովուրդին խաղաղ քայլերուն ազերիները պատասխանեցին Սումկայիթի եւ այլ շրջաններու մէջ (փետրուար 1988), Պաքուի (յունուար 1990) կոտորածներով: Սումկայիթեան կոտորածները շարունակուեցան Ազրպէյճանի այլ տարածքներուն մէջ եւս:  Տեղահանուեցան Շուշիի եւ  Պաքուի, Կիրովապատի, Գանձայի, Շեմաքի,  Խոճալուի եւ այլ քաղաքներու հայերը, հրկիզուեցան անոնց բնակարանները, յափշտակուեցան  ունեցուածքները:

Զանգուածային կոտորածներուն զոհ դարձան   հազարաւոր հայեր: Առնուազն կէս միլիոն  անմեղ հայեր բռնեցին գաղթի ճամբան, հեռացան Ազրպէյճանէն: Սումկայիթի կոտորածները  ցեղային զտման քաղաքականութեան առաջին դրսեւորումն էին Խորհրդային Միութեան մէջ:

Ազրպէյճեանի իշխանութիւնները այդ ոճրագործութեամբ սպառնական պատգամ մը յղեցին իր մարդկային արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ոտքի ելած Արցախի հայութեան:

Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու քաղաքակիրթ եւ  օրինական իւրաքանչիւր քայլի յաջորդեց հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու համատարած  ոտնահարում, ֆիզիքական  հաշուեյարդար:

Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը  կը միտէր կանխել արցախեան ազատագրական պայքարը: Սումկայիթի կոտորածները փոխեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան  բնոյթը: Անոնք համոզեցին, թէ խաղաղ ցոյցերով  անհնար պիտի  ըլլայ պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի  ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Լեռնային  Ղարաբաղի ժողովուրդին վիճակուած էր արեան գնով  պաշտպանելու ազատ ապրելու իրաւունքը:

Փաստօրէն, Սումկայիթը եւ1988 թուականը  շրջադարձային  եղան Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան մէջ:

Ազրպէյճան փորձեց լայնածաւալ ռազմական  գործողութիւններով արեան մէջ խեղդել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման  եւ ազատութեան պահանջները: Ան շրջափակումի ենթարկեց Հայաստանը եւ Արցախը`  ծանր հարուած հասցնելով հայրենի տնտեսութեան, սակայն հանդիպեցաւ Ղարաբաղի   ինքնապաշտպանութեան ուժերու յամառ եւ  լիարժէք հակահարուածին: Ռազմական պարտութիւններուն իբրեւ հետեւանք  ազերիները  12 մայիս 1994-ին  զինադադարի   համաձայնութիւն կնքեցին Հայաստանի եւ  Լեռնային Ղարաբաղի հետ:

Սումկայիթի  եղեռնագործութենէն քանի մը տարի ետք  Ազրպէյճանի իշխանութիւնները բանտէն ազատ արձակեցին  մարդասպանները: «Ազգային հերոս» անուանեցին ոմանց…: Հայ ժողովուրդին  իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին վառ կը մնայ թուրք-թաթարական գաղափարախօսութեան մէջ, ինչ անուն ալ կրէ ան:

Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ շրջաններու մէջ հայ բնակիչներու դէմ կոտորածները ցեղասպանութեան համազօր  յանցագործութիւն էր: Սումկայիթը միջազգային գետնի վրայ կը մնայ դատապարտելի, որովհետեւ կատարուածը «ցեղասպանութիւն էր» եւ միջազգային յանցագործութիւն:

Միջազգային   ընտանիքին անծանօթ կը մնայ  Սումկայիթի  նահատակներուն թիւը:  Խորհրդային լսատեսողական աղբիւրներ 32-ով սահմանափակեցին զայն:

Խորհրդային Միութեան  ներքին գործոց  նախարարութեան յատուկ քննչական  խումբի պետ Վիքթոր Քրիվոթուսքովը իր «Խռովայոյզ  Ղարաբաղ» փաստագրական գիրքին մէջ քանի մը հարիւր կը գնահատէ այդ թիւը:

Երեսուներկու տարի անցած է Սումկայիթի  ողբերգութեան, սակայն մինչեւ այսօր    քաղաքական  գնահատական չէ տրուած  այդ վայրագ  կոտորածներուն: Տակաւին աւելին, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սաստկացուցած են պատմութիւնը նենգափոխելու  հակահայ  քարոզչութիւնը` զոհը ոճրագործ ներկայացնելու ստայօդ ամբաստանութիւններով:

Այս առիթով  ցաւով կ՛արձանագրենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները նոյնպէս Սումկայիթի ոճրագործութիւնը պաշտօնապէս չեն ճանչցած իբրեւ ցեղասպանութիւն` բաւարարուելով Ստեփանակերտի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանով եւ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին մօտ փոքրիկ խաչքար տեղադրելով:

Այստեղ փակագիծի մէջ կը փափաքիմ հարցնել  Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու  իշխանութիւններուն` ինչո՞ւ ըստ արժանւոյն  չենք  արձագանգեր  20-րդ դարու սկիզբի եւ դարավերջի Պաքուի հայկական  կոտորածներուն: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները միշտ կը փորձեն  ծածկել Պաքուի 1905, 1908 եւ 1990-ականներու կոտորածները: Զարմանալիօրէն մենք  մոռացութեան մատնած ենք Կովկասի  թաթարներուն կողմէ Պաքուի, Շուշիի հայերուն  կոտորածները: Անցեալին, եթէ Խորհրդային  գրաքննութիւնն էր պատճառը, մեր  երկու հանրապետութիւնները ներկայիս կրնան    ճիշդ գնահատական տալ այդ կոտորածներուն: Ի տարբերութիւն հայերուն, ազերի եւ թրքական մամուլը լայն  քարոզարշաւի ձեռնարկած է  հայերու դէմ` Պաքուի, Շուշիի եւ այլ շրջաններու մէջ հայերու կոտորածները ներկայացնելով իբրեւ   հայերու կողմէ ազերիներու կոտորած:

Միջազգային  հանրութիւնը պարտի իմանալ`  Ազրպէյճան այսօր եւս կը խախտէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեան հետ զինադադարը եւ կը շարունակէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան մթնոլորտը, կեղծ քարոզչութիւնը:

Սումկայիթի կոտորածները կազմակերպողները  այսօր եւս կը շարունակեն համայն աշխարհին առջեւ սպառնալ Հայաստանին եւ Արցախին:

Այսօր համայն հայ ժողովուրդը կը խոնարհի  Սումկայիթի, Արցախի ազատագրութեան,  հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակներուն յիշատակին առջեւ:

Մեր ուխտը պիտի ըլլայ դատաստան տեսնել Սումկայիթի եւ Ազրպէյճանի այլ քաղաքներուն մէջ  հայ ժողովուրդի զաւակներուն հանդէպ  կատարուած յանցագործութիւններուն:  Վայրագութիւնները, ոճիրները պիտի արժանանան համայն մարդկութեան  դատապարտումին եւ պիտի ստանան  համապատասխան գնահատական:

Այսօր մեր ժողովուրդին շահը կը պահանջէ  բռունցք  եւ ուժ դառնալ, համախմբուիլ: Մեր պարտականութիւնն է դասեր քաղել Լիբանանի, Սուրիոյ ողբերգութիւններէն, ազգային  շահը գերադասել ամէն տեսակի անձնական եւ հատուածական շահերէն:

Յարգանք`  հայրենիքի ազատագրութեան   ճանապարհին  ինկած մեր նահատակներու անմար յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Կեղծմաշկ-Diphtheria

Յաջորդը

Սումկայիթի Նահատակներուն Յիշատակին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.