Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտաժողով` Նուիրուած Արցախի Մէջ Պետականութեան Վերակերտման Մէջ ՀՅԴ-ի Տեղին Ու Դերին

February 14, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 փետրուարին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով` նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախ վերադարձի 30-ամեակին: «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեղն ու դերը Արցախի պետականութեան վերակերտման մէջ» խորագիրը կրող գիտաժողովին փուլ առ փուլ ներկայացուեցաւ Դաշնակցութեան 130 տարուան գործունէութեան տարբեր դրուագներ:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Եղանակային պայմաններու պատճառով Հայաստանէն եւ Լիբանանէն գիտաժողովին հրաւիրուած բանախօսները չկրցան մասնակցիլ գիտաժողովին:

Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ գիտաժողովը միջոց է անցեալը նորէն արժեւորելով ներկայ ու ապագայ կատարելիքներուն շուրջ խորհրդածելու` շեշտելով, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը անքակտելի կապերով միահիւսուած է հայ ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի պատմութեան, որովհետեւ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւնը պէտք է ծառայէ իրեն երկնողին` ժողովուրդին, հակառակ բոլոր ժամանակներու Դաշնակցութեան պատմութիւնը ու վարքագիծը խեղաթիւրել փորձող ու պատմութեան քառուղիներուն վրայ յաճախ իրենց հետքը չձգած ուժերուն:

Դաւիթ Իշխանեան շեշտեց, որ Արցախը Դաշնակցութեան կենարար զարկերակն է, անիկա կը սնուցանէ կուսակցութեան նպատակները, անիկա գաղափարախօսութիւն է եւ անշեղելի ՀՅԴ-ի որդեգրած ուղիէն:

«Տակաւին 1917-1920 թուականներուն Դաշնակցութիւնը, չճանչնալով Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը, էական դեր խաղաց արցախահայութեան կեանքին մէջ եւ  հիմքը դրաւ Արցախի առաջին ժողովրդավարական կառավարութեան` միաժամանակ ամրապնդելով տեղական իշխանութիւնները, երկրամասի ինքնապաշտպանութիւնը, լուծելով կենսական նշանակութեան հարցեր:

«Արցախը, որպէս միացեալ Հայաստանի անբաժանելի մաս, միշտ ալ եղած է պահանջատիրութեան առանցք եւ զգայուն կէտ: Ատիկա կ՛ապացուցեն դէպքերն ու դէմքերը, տարբեր պատմաբաններու վկայախօսութիւնները, որոնք միշտ կը մնան մեր պատմութեան էջերուն մէջ, ատիկա կ՛ապացուցէ  Արցախի համար վճռորոշ ժամանակահատուածը` Արցախեան ազատամարտը, որուն ընթացքին ՀՅԴ-ն ձեռնամուխ եղաւ զէնք ու զինամթերք հասցնելու, ինքնապաշտպանական ուժեր կազմաւորելու եւ ռազմական  փայլուն գործողութիւններ իրականացնելու գործին` ասպարէզ բերելով  գաղափարի մարտիկներու ամբողջ աստղաբոյլ մը, որոնք կրցան դառնալ Արցախի նորօրեայ պատմութեան կերտողները», դիտել տուաւ Իշխանեան:

Ան վերյիշեցուց, որ 30 տարիներ անցած են այդ խռովայոյզ օրերէն, երբ Դաշնակցութիւնը վերադարձաւ Արցախ` որպէս զինուոր, որպէս մշակ, որպէս հայրենիքի ազատութեան գինը գիտցող կուսակցութիւն: Վերադարձաւ, որ այլեւս չհեռանայ:

Ան յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը դարձեալ կը համախմբէ մեր միտքն ու գործը` յանուն այն ապագայի, որուն դաւանողը միայն Դաշնակցութիւնը չէ, այլ իւրաքանչիւր անձ, որ մտահոգ ու պատրաստակամ է  անցածը անաչառօրէն արժեւորելու եւ ապագայի համար ամուր հիմքեր կառուցելու:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Հայաստան Կը Ներգաղթեն

Յաջորդը

Բաբգէն Արք. Չարեան Հոգեւոր Առաքելութեան 35-ամեակ Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանի Տուչութիւն Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.