Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուզայիի Ոստիկանատան Զինեալ Միջադէպին Ընթացքին Վիրաւորուած Աւագ Աժիւտան Զիատ Աթթար Նահատակուեցաւ

February 13, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ուզայիի ոստիկանատան մէջ նախանցեալ  յետմիջօրէին պատահած զինեալ միջադէպին պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած Աւագ աժիւտան Զիատ Աթթար երէկ նահատակուեցաւ:

Ուզայիի ոստիկանատան միջադէպը շարունակեց մնալ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ լիբանանեան տարբեր քաղաքական ուժերուն ու հոգեւոր պետերուն դատապարտումի ալիք բարձրացնող հարցը:

Այս շրջագիծին մէջ, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան խստիւ դատապարտեց Ուզայիի ոստիկանատան մէջ արձանագրուած սպանութիւնը, որուն զոհ գացած էին ոստիկաններ, եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ նահատակներ հազարապետ Ժալալ Շրէյֆի եւ Ա. Աժիւտան Զիատ Աթթարի հարազատներուն:

Շէյխ Հասան բարձր գնահատեց հայրենիքին ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան համար ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակայիններուն ի գործ դրած ջանքերն ու զոհողութիւնները:

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի ողջունեց լիբանանեան բանակը, ապահովութեան ուժերն ու մնացեալ ապահովական կառոյցները` հաստատելով, որ անոնք գերագոյն զոհողութեամբ եւ իրենց կեանքին գնով կը ծառայեն Լիբանան հայրենիքին ու պետութեան:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներուն վրայ յարձակում գործողները պէտք է խստագոյն պատիժներուն ենթարկուին: Ան հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներն են, որ երկրին կայունութիւնը կ՛երաշխաւորեն:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ կարելի էր կանխարգիլել անցեալ շաբաթավերջին Հերմելի եւ նախանցեալ օր Ուզայիի ոստիկանատան մէջ արձանագրուած բանակայիններուն եւ ապահովութեան ուժերուն նահատակութիւնները: Ան ընդգծեց այս դէպքերուն շուրջ հետաքննութիւն բանալու եւ պէտք եղած ապահովական միջոցառումներուն դիմելու անհրաժեշտութիւնը:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Ուզայիի ոստիկանատան մէջ զինեալ միջադէպին պատճառը ոստիկանատան մարդաշատ ըլլալն է: Ան լուսարձակի տակ առաւ նոր բանտեր կառուցելու կարեւորութիւնը` ցաւակցութիւն յայտնելով ապահովութեան ուժերու նահատակներուն ընտանիքներուն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ուզայիի ոստիկանատան մէջ արձանագրուած անարգ միջադէպը:

Հաղորդագրութեան մէջ կուսակցութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ ապահովութեան ուժերու հրամանատարութեան, եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն` լուծելու բանտերուն եւ ոստիկանատուներուն մէջ արգելափակուածներուն մարդաշատ ըլլալու հարցը:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Ներկայացուց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը

Յաջորդը

Հասսան Տիապ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.