Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարինտակի Հերոսամարտի 28-Ամեակի Նշում

January 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 տարի առաջ` 26 յունուար 1992-ին տեղի ունեցած է Քարինտակի հերոսամարտը: Շուշիէն առաւօտեան ժամը 5:45-ին թշնամին անցած է յարձակման, Քարինտակին օգնութեան հասած են դրացի գիւղերու բնակիչները:

Թուաքանակով եւ զէնք-զինամթերքով քանի մը անգամ գերազանցող թշնամին ետ շպրտուած է` գիւղի շրջակայքը ձգելով 130-է աւելի սպաննուածներ, ջարդուած է Պաքուէն բերուած գումարտակը, քանի մը տասնեակ զոհեր տուած է նաեւ Շուշիի գումարտակը: Այստեղ նաեւ գլխովին ոչնչացուած է Ազրպէյճանի բանակի հետախուզութեան պետի տեղակալի գլխաւորութեամբ յատուկ պատրաստուած 11 հոգիէ ջոկատը: Ցաւօք, զոհեր ունեցած է նաեւ հայկական կողմը:

26 յունուարին Քարինտակի հերոսամարտը շրջադարձային դարձաւ հայկական կողմին  պարտադրուած պատերազմին հոլովոյթին մէջ եւ հիմք հանդիսացաւ նոր յաղթանակներու համար:

Եւ պատահական չէ, որ այդ օրը մեծ շուքով կը նշուի գիւղին մէջ: Քարինտակի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկին մասնակիցները նախ ծաղիկներ զետեղած են նահատակուած քարինտակցիներու  յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են  գիւղապետ Մխիթար Առուշանեան, Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան, Քարինտակի ակումբի վարիչ Ալվարդ Գասպարեան, դպրոցականներ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի «Ասպետ» համոյթը:

Հերոսամարտի օրը գիւղի ջոկատի տղաքը բնակչութենէն եւ դրացի գիւղերու ջոկատներու տղոցմէ հայերը տուած են 21 զոհ: Քարինտակի գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի համաձայն, անոնք դարձան այն հերոսները, որոնք կ՛ապրին նաեւ մահէն ետք, անոնց ապրած ամէն օրը հայրենասիրութեան ոգի է:

«Այսօր մենք կ՛ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք մարտնչած են յանուն հայրենիքի, յանուն ներկայ ու ապագայ սերունդներու: Այսօր մենք հաւաքուելով այստեղ կարեւոր կը նկատենք օրուան խորհուրդը` մեր յաղթանակները կարելի դարձան մեր քաջորդիներու բարձր ոգիին շնորհիւ: Բառերն ու արտայայտութիւնները ի զօրու չեն արտայայտելու այն յուզմունքը, հպարտութիւնն ու հայրենասիրական զգացումները, որոնք այսօր կան մեր սրտերուն մէջ», նշած է Քարինտակի գիւղապետը:

Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի համաձայն, 28 տարի առաջ այս օրը Քարինտակի մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական առումով անհաւանական գործողութիւն: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ 26 յունուարը ամրագրուեցաւ իբրեւ Քարինտակի հերոսամարտի օր, իսկ Ազրպէյճանը, նոյն օրը ունեցած հարիւրաւոր զոհերու քանակէն եւ խայտառակ պարտութենէն մեկնելով, անիկա անուանեց «Արիւնոտ յունուար», իսկ Քարինտակը` «Արիւնոտ ձոր»:

Ձեռնարկի աւարտին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Կարէն Աբրահամեանի հրամանով շարք մը քարինտակցիներ պարգեւատրուած են:

Քարինտակի հերոսամարտի 28-ամեակի ձեռնարկին ներկայ էին Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեան, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտօնատար այլ անձեր, զինուորականներ, քարինտակցիներ:

 

Նախորդը

Կեսարիոյ Հայկական Եկեղեցին Վերածուած Է Գրադարանի

Յաջորդը

«Կը Ցաւիմ` Փաշինեանը Այդպէս Ալ Չընկալեց». ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչի Արձագանգը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.