Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւններու Եռօրեայ Խորհրդաժողովին Մասին

December 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 9 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի մամլոյ ասուլիսը:

Ասուլիսի մասնակիցները զեկուցեցին 5-էն 7 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին կողմէն գումարուած ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգին, ռազմավարական նպատակներուն, միութիւններու համաշխարհային ցանցին եւ անոնց առնչուող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին:

Դաշնակցական երիտասարդները յանձնառու են հզօր, ընկերվարական, եւ  ժողովրդավար, ազգային արժէքներ կրող պետութիւն կերտելու գործին մէջ, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն հրաւիրած մամլոյ  ասուլիսին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:

«Այնպէս որ, մեր բոլոր գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան այս նպատակին իրագործման», ըսաւ Արշակ Մեսրոպեան:

Ան նշեց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը իր ընդվզումը  արտայայտած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն  վերաբերեալ.

«Խորհրդաժողովը դատապարտեց, միութիւններն ալ առանձին յայտարարութիւններով դատապարտեցին այդ երեւոյթները», ընդգծեց ան:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան իր կարգին ըսաւ, որ պիտի շարունակեն իրենց թիւ 1 օրակարգին շուրջ զարգացումները` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ վարուող քաղաքականութեան վերաբերեալ:

«Պիտի շարունակենք պահանջել նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Մեր վերջին գործողութենէն ետք ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուեցաւ անհամաչափ ուժ: Անոր միակ պատասխանատուն Արայիկ Յարութիւնեանն էր, որ չգնաց հանդիպումի երիտասարդներուն  հետ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մենք պիտի ունենանք նմանատիպ շարժում: Մեր գործողութիւններուն մասին պիտի տեղեկացնենք», ըսաւ ան:

Ասուլիսի ընթացքին երիտասարդները պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան` «Ընտրուած Անձը Պիտի Չճանչնամ Իբրեւ Իմ Պատրիարքս» Կ՛ըսէ Փայլան

Յաջորդը

«Ամերիկեան Ծերակոյտը Անպայման Պիտի Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.