Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական – Ուսանողական Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Բացում

December 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին, «Ա. Մանուկեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ  երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին 18 երկիրներէ ժամանած (Հայաստան, Արցախ, Սուրիա, Լիբանան, Քուէյթ, Իրան, Անգլիա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Պելճիքա, Յունաստան, Քանատա, Ռուսիա, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Ուրուկուէյ, Արժանթին, Աւստրալիա) 55 ընկերներ:

Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ, ուր բուռն պայքար կը մղուի ազգային գաղափարախօսութիւններու եւ գաղափարական երիտասարդութեան դէմ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ դաշնակցական երիտասարդներ հաւաքուած են հայ երիտասարդը յուզող հարցեր քննարկելու եւ վերստին հաստատելու, որ ինչպէս ՀՅԴ-ն, այնպէս ալ ՀՅԴ  երիտասարդական-ուսանողական միութիւնները ամրակուռ կառոյցներ են, եւ ի դերեւ դուրս կու գայ զանոնք հարուածելու ամէն փորձ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու եւ Գրասենեակի պատասխանատուները ներկայացուցին երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգը, ռազմավարութիւնն ու գործառոյթները:

Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ պիտի սերտէ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ռազմավարական, դաստիարակչական, կազմակերպչական, քարոզչական, արտաքին յարաբերական եւ այլ ոլորտներու աշխատանքներու նախագիծերը, պիտի լսէ միութիւններու աշխատանքային զեկուցումները եւ կատարէ համապատասխան քննարկումներ:

Խորհրդաժողովը դատապարտեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն ու 3 դեկտեմբեր 2019-ին Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած անհամաչափ ուժը ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ընկերներուն դէմ եւ յայտնեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կատարած բողոքի գործողութիւններուն:

Աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները լրջախոհութեամբ անցան եռօրեայ խտացուած օրակարգերու քննութեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը Կը Դատապարտէ ՀԵՄ-ականներուն Վրայ Բանեցուած Ոստիկանական Բռնութիւնը

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան` ԵԱՀԿ-ի Համաժողովին. «Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չէ Զիջումի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.