Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցի Արմենակ Եւ SOS Chrétiens d՛Orient

December 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Արմենակ հեռաձայնեց.

– Համացանցով երգահանդէսի հրաւէրի յայտարարութիւն մը կայ: Մուտքը` ազատ. 6 դեկտեմբերին: Ըսուած է. «Ի նպաստ Հայաստանի երկրաշարժի մոռցուածներուն»: Մեծատառ գրուած է. SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ կազմակերպութեան օգնութիւնը Գիւմրիի մոռցուածներուն: Ի հարկէ` ֆրանսերէն:

– Լաւ է ուշ, քան երբեք, Արմենա՛կ,- ըսի:

– Փարիզի մէջ կայանալիք երգահանդէսով մը երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած աղէտեալներուն համար դեռ նո՞ր ահազանգ կը հնչեցնեն, SOS® Կ՛ըսեն, թէ «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ կազմակերպութեան առաջին կամաւորները Հայաստան գացած են 2019-ի ամրան: Գտած են Գիւմրիի թիթեղաւանները» եւ կը խօսին 7 դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժի մասին: ®Եւ օգնութեան կոչ կ՛ընեն, որպէսզի դեռ աղէտեալ մնացածները իրենց ապագան կարենան կառուցել:

– Արմենա՛կ, բնական է, որ մարդիկ օգնեն: Թէ այդ կազմակերպութեան առաջին կամաւորները երեսուն տարի վերջ նոր անդրադարձած են, կը զարմացնէ:

– Այսքա՜ն ուշացումէ ետք բարեսիրտ մարդիկ հաւանօրէն ներկայ պիտի ըլլան, իրենց լուման պիտի տան: Բայց մենք պիտի չամչնա՞նք երեսուն տարի ուշացումով հասնող կամաւորներէն: Այդքան օժանդակութիւններէ, հանգանակութիւններէ, նուիրատուութիւններէ ետք, եթէ դեռ թիթեղաւաններ կան, տեղ մը բան մը սխալ է,- ըսաւ Կեդրոնականցին:

– Արմենա՛կ, Հայաստան հիմա մոտայիկ է, ինչպէս կ՛ըսուի, կոռուպցիայի դէմ պայքարը: Ինչո՞ւ Հայաստանի յատկացուած դրամական եւ այլ միջոցներու իրենց նպատակին հասած ըլլալու կամ չըլլալու համար իսկական հետախուզական պահանջ չեն ներկայացներ մեծագումար դրամահաւաքի հին եւ նոր պատասխանատուները` թելեթոններու եւ  ֆոնեթոններու:

– Այդ կ՛ըլլայ, եթէ սփիւռքի կազմակերպութիւնները եւ անհատ բարերարները միասնաբար ճշդեն, թէ ի՛նչ հաւաքած են, ի՛նչ տուած են, եւ պահանջեն, որ ըսուի, թէ ո՛ւր գացած են այդ գումարները: Պատահա՞ծ է, որ Հայաստանի կամ Արցախի օգնութեան համար հաւաքուած գումարներէն օգտուած ըլլան տեղական կարիքներու համար:

– Ճիշդ ես, Մակա՛ր, բայց այսօր հպարտութիւն կ՛ունենա՞նք ըսելու, որ երեսուն տարի վերջ առաջին կամաւորները քիչ մը ուշացած են: Կարդա՛ հետեւեալը եւ տարածէ՛. «Les premiers volontaires de  SOS Chrétiens d՛Orient se sont rendus en Arménie à l՛été 2019. Ils ont découvert les bidonvilles de Gyumri, où des milliers de rescapés du séisme du 7 décembre 1988 vivent encore dans des conditions épouvantables»:

Երբ Կեդրոնականցին աւարտեց, մտածեցի, որ հակառակ յեղափոխութիւններու եւ ճառերու` դեռ աղէտէն երեսուն տարի ետք կ՛իմանանք, որ կազմակերպութեան մը թիթեղաւաններով մտահոգ առաջին կամաւորները Գիւմրի նոր կ՛երթան:

Ճիշդ է, որ ուշացողը ուշացած է, իսկ մենք, Նոր Հայաստան եւ բարեսէր սփիւռք(ներ)-ը, չե՞նք խպնիր:

Եթէ Երեւանի մանհաթանեան դէպի երկինք սլացող շէնքերէն երկուքը Գիւմրի բարձրանային, թիթեղաւանները (bidonvilles) չքացած կ՛ըլլային:

Ինչո՞ւ Կեդրոնականցին կ՛անհանգտանայ եւ կ՛անհանգստացնէ:

Բանն ասանկ եւ ոչ բամբասանք:

2 նոյեմբեր 2019

Նախորդը

Ցոյցերը` Երկսայրի Սուրեր

Յաջորդը

Զաւեշտի Երկիր Ազրպէյճան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.