Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Սարգսեան. «ՀՅԴ-ն Արտաքուստ Ուժեղ Ըլլալու Համար Իր Արժէքներուն Չի Դաւաճաներ»

September 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մէջ 8 սեպտեմբերին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն սեփական թեկնածուներ առաջադրած է Ստեփանակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի քաղաքապետներու պաշտօններուն, ինչպէս նաեւ շատ մը գիւղերու մէջ: «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսաւ, թէ թեկնածուները շատ են եւ կը փորձեն ընել առաւելագոյնը` յաջողելու համար:

«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» եւ «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ»  հասարակական կազմակերպութիւններու` Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները դիտարկելու մտադրութեան Արմէն Սարգսեանը բնական կը վերաբերի` Արցախը ինք դիմած է աշխարհի երկիրներուն, որպէսզի դիտորդական առաքելութիւններ ուղարկեն: Միայն թէ ան կ՛ընդգծէ, որ դիտորդական առաքելութիւնները միայն ընտրութիւններու ժամանակ կ՛աշխատին եւ կը հեռանան Արցախէն: Իսկ եթէ դիտորդական առաքելութիւնը ի սկզբանէ ինչ որ ձեւով Արցախէն դուրս որոշուած գաղափարներով մտնէ Արցախ, ատիկա յստակօրէն կ՛երեւայ ընտրութիւններէն ետք, եւ բնական է, արցախցին երբեք թոյլ պիտի չտայ, որ որեւէ հարց լուծուի Արցախէն դուրս:

Առայժմ արտաքին որեւէ միջամտութիւն Դաշնակցութիւնը չի նկատեր: Հետեւողական պիտի ըլլայ` օրէնքի տառին ու ոգիին համապատասխան` ազատ, արդար, թափանցիկ կազմակերպելու ընտրութիւնները, որպէսզի նոյն ձեւով անցնին նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպման:

Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը կ՛ըսէ` Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ուժեղ եղած է, բայց խնդիրը այլ է` ՀՅԴ-ն արտաքուստ ուժեղ ըլլալու համար իր արժէքներուն չի դաւաճաներ:

«Մենք չենք կրնար խոստումներ տալ` միայն թէ ժողովուրդին ձայները շահելու համար: Մենք արժէքներ ունինք եւ զանոնք կը դաւանինք: Նոյնիսկ մեր հակառակորդները կ՛ըսեն, որ կարելի չէ պատկերացնել Արցախի քաղաքական դաշտը առանց Դաշնակցութեան», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ջերմուկցիներուն, «Լիտիան Ինթըրնեշընըլ»-ի Եւ Լիտիան Արմենիա»-ի Հետ Քննարկած Է Ամուլսարի Հարցը

Յաջորդը

Բնիկ Ամերիկացի Քոնկրեսականը Դարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Համահեղինակ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.