Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժամմալ Թրասթ» Դրամատան Դէմ Պարտադրուեցան Ամերիկեան Պատժամիջոցներ, Իսկ Կեդրոնական Դրամատունը Հաստատեց «Ժամմալ Թրասթ»-ի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Հաշիւներուն Ապահովութիւնը

August 31, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր ուշ գիշերին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ լիբանանեան «Ժամմալ թրասթ» դրամատան դէմ պատժամիջոցներ պարտադրած է` նկատի ունենալով անոր կապերը Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ պարտադրեց նաեւ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան պատկանող ապահովագրութեան երեք ընկերութիւններու դէմ` դրամատունը ամբաստանելով Հըզպալլային հսկայական գումարներ տրամադրելու, արհեստագիտական օժանդակութիւններ յատկացնելու, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին նիւթական ծառայութիւններ մատուցելու յանցանքով:

«Ժամմալ թրասթ» դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ իր մօտ հաշիւ ունեցող քաղաքայիններուն գումարները ապահով են` աւելցնելով, որ  ամերիկեան պատժամիջոցներուն պիտի պատասխանէ` բացայայտելով ճշմարտութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ դրամատունը կը գործէ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան պարտադրած կանոններուն եւ չափանիշներուն համաձայն, ինչպէս նաեւ կը յարգէ դրամի լուացումը եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը արգիլող դրամատնային միջազգային օրէնքները:

Լիբանանի Դրամատուներու միութիւնը ցաւ յայտնեց, որ ամերիկեան պետութիւնը «Ժամմալ թրասթ» դրամատան դէմ պատժամիջոցներ պարտադրած է` հաստատելով, որ որդեգրուած այս քայլը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի դրամատնային մարզին վրայ:

Միութիւնը իր կարգին հաստատեց, որ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները ապահով են:

Դրամատուներու միութիւնը հերքեց նաեւ այն տարաձայնութիւնները, թէ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան կողքին կան նաեւ լիբանանեան այլ դրամատուներ, որոնց դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին:

Այս մասին պարզաբանումներ ներկայացնելու նպատակով Լիբանանի Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Սֆէյր յայտնեց, որ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները ապահով են` ընդգծելով, որ չկայ լիբանանեան այլ դրամատուն մը, որ կը գտնուի ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթարկուելու շարքին:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը մօտէն կը հետեւի «Ժամմալ թրասթ» դրամատան դէմ պարտադրուած պատժամիջոցներուն` աւելցնելով, որ այդ դրամատունը մաս կը կազմէ լիբանանեան դրամատուներու ցանցին, եւ Կեդրոնական դրամատան մէջ անոր ունեցած գումարներն ու տեղեկագիրները օրինական են:

Ան հաստատեց, որ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները ապահով են` աւելցնելով, որ օգոստոս 2019-ի երկրորդ կիսուն

Կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշներու պահեստը աւելցած է շուրջ 1,4 միլիառ տոլարով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շեշտեց, որ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան դէմ պարտադրուած պատժամիջոցները կը դրսեւորեն Միացեալ Նահանգներու վճռակամութիւնը` Հըզպալլայի գործունէութեան դէմ պայքարելու առումով:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այս առիթով շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որ պատժամիջոցներ պարտադրեց Հըզպալլայի զինեալ թեւը ֆինանսաւորող դրամատան դէմ:

Պէտք է աւելցնել, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան փոխնախարար Մարշըլ Փիլինկսլի շեշտեց, թէ իրենք գրեթէ վստահ են, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ` սառեցնելու համար «Ժամմալ թրասթ» դրամատան գործունէութիւնը:

Նախորդը

Գագիկ Խաչատրեան Կալանաւորուեցաւ

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.