Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ

August 31, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներ վերջերս այցելեցին Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքը` հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունենալով նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ:

«Երախտապարտ ենք նահանգապետ Նիւսըմին, որ առիթ ընծայեց այս հանդիպումին, որուն շնորհիւ կրցանք քննարկել Հայ դատին համար առաջնահերթ նկատուող հարցերը, նոյն ժամանակ աւելի մօտէն ծանօթանալով անոր անձնակազմին, որուն հետ գործակցելով կարելի պիտի ըլլայ մեր համայնքին ի նպաստ որոշումներու հասնիլ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Հայ դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները նախ հանդիպում մը ունեցան նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, որ աւելի ուշ, Ծերակոյտի ժողովին ընթացքին իր պաշտօնակիցներուն ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամները:

Ապա, Հայ դատի պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նշանակումներու հարցերով նահանգապետի քարտուղարին` Քեթրին Ռիվերա Հերնանտեզի հետ` նահանգային շարք մը մարմիններու եւ յանձնախումբերու մէջ հայութեան ներկայացուցչութիւնը արդար մակարդակի հասցնելու կարեւորութիւնը շեշտելով:

Նաեւ, 2020-ին տեղի ունենալիք Միացեալ Նահանգներու մարդահամարին հայութեան առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու հարցով խորհրդակցութիւններ կատարուեցան նահանգապետի քաղաքացիական ներգրաւուածութեան հարցերու վարիչ Մարիսելա Ռոտրիկեզի հետ:

Այնուհետեւ, Հայ դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները ունեցան հանդիպում մը նահանգապետին հետ, որ երկար տարիներով մօտիկ բարեկամ մը եղած է` սկսած Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը եւ նահանգապետի տեղակալը եղած օրերէն:

Քննարկուած նիւթերէն էին` Թուրքիոյ մէջ նահանգային ներդրումները ետ քաշելու արշաւը, նահանգի հանրային վարժարաններուն մէջ տարբեր ցեղերու փորձառութեանց մասին դասանիւթին մէջ հայութեան փորձառութիւնները եւս ներառելու կարեւորութիւնը, Հայոց ցեղասպանութիւնը հանրային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու նպատակով յաւելեալ գումարներու ապահովումը եւ Հայաստանի հետ նահանգին յարաբերութեանց սերտացումը, յատկապէս փոխնահանգապետ Էլենի Քուլանաքիսի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ:

Յիշեցնենք, որ Քուլանաքիսի Հայաստան այցելութիւնը իրականացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ջանքերով:

Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ նահանգապետ Նիւսըմի եւ ծերակուտական Փորթանթինոյի յանձնուեցան Մեթիու Քարանեանի «Հայկական բարձրաւանդակ» հատորէն օրինակներ:

 

Նախորդը

«Ժամմալ Թրասթ» Դրամատան Դէմ Պարտադրուեցան Ամերիկեան Պատժամիջոցներ, Իսկ Կեդրոնական Դրամատունը Հաստատեց «Ժամմալ Թրասթ»-ի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Հաշիւներուն Ապահովութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.