Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը աշխուժացուցին իրենց շրջուն ջոկատները` հսկելու համար սահմանային խաղաղութեան:
Մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը կատարէին իրենց հսկողութիւնը, իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր Արքուպի, Հասպայայի, Ժապալ Շէյխի եւ Մերժահիունի վերեւ թռիչքներ կատարեցին` ոտնձգութիւն գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ:
Նշենք, որ ամբողջ օրուան ընթացքին սահմանին վրայ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն:
Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին կողմէ Ատայսէի վերեւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը ուղղութեամբ կրակ բանալու քայլին` պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ անիկա բնական քայլ է, որովհետեւ բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ Լիբանանի պաշտպանութեան առումով:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա լուռ պիտի չմնայ Հարաւային արուարձաններուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն նկատմամբ եւ անակնկալի մատնող հարուած մը պիտի հասցնէ Իսրայէլին:
Ան նշեց, որ պատերազմի մթնոլորտ չի տիրեր, սակայն իսրայէլեան բռնարարքները անպատասխան պիտի չմնան:
Իր կարգին, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան «Տեպքա» կայքը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ կատարուելիք որեւէ գործողութեան պարագային` ըլլայ ան իսրայէլեան զինուորական թէ քաղաքացիական թիրախ, Իսրայէլ Լիբանանին պիտի հասցնէ ցնցիչ հարուած մը, որ պիտի ըլլայ անմիջական:
Ըստ նոյն կայքին, Հըզպալլա յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին, այսինքն` մինչեւ 17 սեպտեմբերի Քնեսեթի ընտրութիւնները, պիտի հարուածէ իսրայէլեան թիրախ մը:



